2017-12-19 10:42:00

«Աշխարհը ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք պիտի ստիպուի խօսիլ նախագահ Ասատի հետ» կ՛ըսէ Մաքրոն


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզինի գլխաւորած ռուսական կառավարական եւ տնտեսական պատուիրակութեան մը հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը չէ աւարտած` աւելցնելով. «ՏԱՀԵՇ-ի գլխաւոր կեդրոնները քանդելով շատ կարեւոր փուլեր անցանք»:

Ան յայտնեց, որ միայն ՏԱՀԵՇ-ի վրայ կեդրոնանալը ուշադրութիւնը շեղելու համար է` նշելով, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչութեան միայն մէկ մասն է: «Ժապհաթ Նուսրան տակաւին արեւմտեան աջակցութեամբ ներկայ է Սուրիոյ մէջ», ըսաւ ան:

Ասատ ողջունեց սուրիական ընտրութիւններուն  ՄԱԿ-ի կողմէ որեւէ դերակատարութեան ստանձնումը` պայմանով, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան համահունչ ըլլայ:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ քիւրտերուն վերաբերեալ իր տեսակէտին, Ասատ մերժեց բոլոր քիւրտերը նկատել դաւաճաններ, սակայն աւելցուց. «Անոնցմէ շատեր արեւելեան Սուրիոյ մէջ կը գործակցին Ուաշինկթընի հետ, ինչ որ դաւաճանութիւն է»: Ան ընդգծեց, որ բոլոր անոնք, որոնք ի նպաստ օտարին, մասնաւորաբար Ուաշինկթընի կը գործեն, դաւաճաններ են:

Ասատ քննադատեց սուրիական տագնապին մէջ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը` նշելով, որ «Ֆրանսան սկիզբէն ի վեր Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան աջակցութեան պարագլուխներէն էր», եւ աւելցնելով. «Ֆրանսայի ձեռքերը սուրիական արիւնով ներկուած են»:

«Ան որ ահաբեկչութեան կ՛աջակցի, իրաւունք չունի խաղաղութեան մասին խօսելու», յայտնեց Ասատ:

(Ազդակ)








All the contents on this site are copyrighted ©.