2017-12-18 12:37:00

«Սուրբ Յովսէփը լռութեան ու հեզութեան տիպար». Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 18 դեկտեմբերի՝ առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ ներշնչուելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումէն, քաղուած Մատթէոսի Աւետարանիչէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի մասին,  որ պիտի ծնի Սուրբ Կոյս Մարիամէն՝ հարսը Յովսէփի, Դաւիթի Որդիին, յորդորեց անձկութեան, կեանքի  դժուար եւ խաւար պահերուն, օրինակ առնել Սուրբ Յովսէփէն ու անորմէ սովրիլ՝  ինչպէս քալել մթութեան մէջ եւ ինչպէս մտիկ ընել Աստուծոյ ձայնին եւ ինչպէս լռութեան մէջ  ընթանալ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  խօսեցաւ Սուրբ Յովսէփի ապրած  յուզումներուն, ցաւերուն, տարակարծութիւններուն  մասին,  երբ Սուրբ Կոյս Մարիամի մէջ տեսանելի եղան անոր յղիութեան  նշանները: Սուրբ Յովսէփ բան չհասկցաւ սակայն գիտէր  որ Մարիամ, Աստուծոյ  կին մըն էր. «Ան  լռութեան մէջ մնաց մինչեւ այն ժամանակ երբ Հրեշտակը անոր կ՛երեւի  երազին մէջ ու կը յայտնէ թէ  Սուրբ Կոյս Մարիամի արգանդին մէջ Մանուկը՝  Սուրբ Հոգիէն կու գայ» – ըսաւ Քահանայապետը ու մատնանշեց Սուրբ Յովսէփի հաւատքին ու հնազանդութեան հոգիին:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ Սուրբ Յովսէփ չգնաց իր բարեկամներուն քով. Ան  տէր եղաւ կացութեան  եւ յառաջ գնաց  յանձն առնելով  Հայրութեան եւ Խորհուրդի իրողութիւնները։ 

«Սուրբ Յովսէփ ոչ միայն տէր կանգնեցաւ Մարիամի եւ Յիսուս Մանուկին այլ յանձն առաւ հայրութիւն մը որ իրը չէ՝ այլ եկած է Հօր Աստուծմէ»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ Սուրբ Յովսէփը այս ամէնը կատարեց լռութեամբ՝ հնազանդ լռութեամբ։

Սուրբ Յովսէփ այն անձն է որ յանձն առաւ նաեւ «Խորհուրդը»՝  ժողովուրդը առաջնորդելու դէպի Աստուած: Վերստեղծումի խորհուրդը , որ՝ ինչպէս կը նշուի ծիսակատարութեան մէջ, «աւելի սքանչելի է ստեղծագործութենէն», ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը, նշելով թէ Յովսէփ այդ ամէնը ըրաւ լռութեան մէջ։ Յանձն առաւ դաստիարակել ու աճեցնել Յիսուսը, առանց որեւէ բան պահանջելու ինքնիրեն համար։ «Այս մարդը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  քարոզի աւարտին,  «Մեծն Սուրբ Յովսէփն է» որուն Աստուած պէտք ունեցաւ յառաջ տանելու համար խորհուրդը՝  ժողովուրդը դէպի նոր ստեղծագործութեան առաջնորդելու համար»։  








All the contents on this site are copyrighted ©.