2017-12-18 13:38:00

Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցած է վերանորոգուած հայկական եկեղեցւոյ օծումն ու բացումը


Սթամպուլի Քուրուչեշմէյի Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցին իր դռները բացած է հաւատացեալներուն առջեւ:

Ըստ պոլսահայ «Ակօս» թերթին՝ Երեւման Սուրբ Խաչ եկեղեցին օծած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կրօնական խորհուրդի առաջնորդ, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեան:

Իր խօսքին մէջ, Սահակ Մաշալեան նշած է, որ անհրաժեշտ է տէր կանգնիլ հայ համայնքի համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող եկեղեցիներուն:

«Պէտք է մեր եկեղեցիները բաց պահենք ու աղօթենք: Եկեղեցիները հասարակութեան սիրտն են: Ես այսօր այստեղ կը տեսնեմ նաեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները: Կ՝ուզեմ զանոնտ տեսնել նաեւ ամէն Կիրակի պատարագներու ժամանակ»,- ըսած է եպիսկոպոս Մաշալեան:

Այնուհետեւ խօսքով հանդէս եկած է եկեղեցւոյ հիմնադրամի անդամ Սարօ Պենքլիյեան, ու իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է եկեղեցւոյ վերանորոգման նիւթական աջակցութիւն ցոյց տուողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.