2017-12-18 10:30:00

Գերապայծառ Քոնրատ Քրայեւսքին կ՝այցելէ Իսքիա կղզիին հասարակութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Իսքիա կղզիի երկրաշարժէն չորս ամիս անց, կիրակի 17 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ ուղարկած է քահանայապետական շնորհաբաշխութեան պատասխանատու Գերապայծառ Քոնրատ Քրայեւսքին՝ ի մխիթարութիւն կղզիի հասարակութեան, որ տակաւին կը տառապի երկրաշարժի հետեւանքին տակ։

Ռիխթերի չորրորդ աստիճանի երկրաշարժը պատահած էր տարւոյս օգոստոս 21ին, պատճառելով երկու անհատներու մահը եւ կործանելով բազմաթիւ շէնքեր Քազամիչչոլա, Լաքքօ Ամենօ եւ Ֆորիօ վայրերուն մէջ։ Կէսօրէն ետք, Գերապայծառ Քրայեւսքի հանդիպում ունեցած է մօտ 2500 տարհանուած անձերու հետ, որոնց մէկ մասը կʼապրի տակաւին օթեւանային կառոյցներու մէջ։ «Այս այցելութիւնը կը նշանակէ անգամ մը եւս յաւելեալ ուժգնութեամբ փորձարկել այն գուրգուրանքը, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը արդէն օգոստոս 21էն սկսեալ կʼուզէ ցուցաբերել Իսքիայի հասարակութեան» ըսած է Իսքիայի եպիսկոպոս, Գերապայծառ Փիեթրօ Լանյեզէ։ Ան աւելցուցած է, թէ Սրբազան Հայրը, որ աղօթքի մէջ ամփոփուած էր աղէտի առաջին րոպէին իսկ, յաջորդող չորեքշաբթի օր, ընդհանուր ունկնդրութեան ներկայ անձերը հրաւիրած էր աղօթել Իսքիա կղզիին համար, եւ եպիսկոպոսին ապահովցուցած էր իր մօտիկութիւնը։ Սրբազան Հօր շնորհաբաշխութեան պատասխանատուի ժամանումը, որ կը զուգադիպի իր 81րդ տարեդարձին, նշան մըն է Ֆրանչիսկոս Պապի գուրգուրանքին։ Անոր մօտիկութեան ցուցաբերումը երախտագիտութեան զգացում կʼարթնցնէ եւ կը հրահրէ հետեւիլ անոր քայլերուն՝ ըլլալու Եկեղեցի մը, որ կʼընկերակցի մարդոց, որ ճշմարտապէս կʼապրի Սուրբ Ծննդեան վաւերական իրականութիւնը մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.