2017-12-17 09:31:00

Վատիկանեան Հաղորդակցութեան նոր «դիմագիծը»։


(Ռատիօ Վատիկան) 17 դեկտեմբեր 2017-ին մեկնարկեց Վատիկանի հաղորդակցութեան քարտուղարութեան բազմալեզու (առ այժմ վեց լեզուներով) տեղեկատուական պաշտօնական նոր կայքէջը «vaticannews.va» հասցէով։  Ծրագիր մը որ սկիզբ առած էր 27 Յունիս 2015-ին երբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր ինքնագիր նամակով ստեղծեց «Հաղորդակցութեան Քարտուղարութիւնը»  որուն մէջ ներառուեցան Վատիկանի լրատուական զանազան բաժանմունքները, ռատիօ, հեռատեսիլ, տպագիր ու թուային թերթեր ու տեղեկատուական գործակալութիւններ….։

Նոր կայքէջը առ այժմ կը գործէ 6 լեզուներով՝ Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Անգլերէն, Գերմաներէն, Սպաներէն եւ Փորթուկալներէն որոնց ապագային պիտի աւելնան նաեւ այլ 33 լեզուներ, ներառեալ հայերէնը։

Նոր կայքէջը բաժնուած է չորս գլխաւոր նիւթերու՝ Քահանայապետ, Սուրբ Աթոռ, Տեղական Եկեղեցիներ եւ Աշխարհ։

Կայքէջին գլխաւոր նպատակն է տեղեկութիւններ ներկայացնել Աւետարանի լոյսին տակ, աւելի լաւ համապատասխանելու համար ժամանակակից աշխարհի մէջ «Եկեղեցւոյ առաքելութեան պահանջներուն» ու Ողորմութեան Աւետարանը տանելու բոլոր ազգերուն։

Վերոնշեալ առաքելութեան ուղեցոյց չափանիշը՝ է «առաքելական եւ միսիոներական, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով կարիքի, աղքատութեան եւ դժուարութաեն իրավիճակներուն» ( Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձը «SPC –ի Հաղորդակցութեան Քարտուղարութիւն» լիագումար նիստի ընթացքին, 4 մայիս 2017):

 








All the contents on this site are copyrighted ©.