2017-12-17 12:38:00

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք. «Պատրաստուինք Տիրոջ Գալստեան»։ Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութիւն։


 (Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 17 դեկտեմբեր 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին  ներկայացուց խորհրդածութիւն մը մատնանշելով օրուան ծիսակատարութեան ու Սուրբ Ծնունդը կանխող յիսանակաց շրջանին։ «Այս կիրակի կը կոչուի նաեւ ուրախութեան կիրակի, որուն ընթացքին հրաւիրուած ենք պարտաստել Տիրոջ գալուստը ուրախութեան ու յարատեւ աղօթքի եւ գոհաբանութեան վերաբերմունքով ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոսը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «Յիսուս կու գայ  բարի աւետիսը փոխանցելու թշուառներուն, դարմանելու կոտրած սրտերը եւ ստրուկներուն  ու բանտարկեալներուն ազատութիւն պարգեւելու եւ հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին»։

«Այս խօսքերը քաղուած Եսայի Մարգարէի գրքէն զոր Յիսուս կը կրկնէ Ժողովարանին մէջ կը յստակացնեն Անոր առաքելութիւնը աշխարհի մէջ։ Ան աշխարհ եկաւ մարդոց վերադարձնելու իրենց Աստուծոյ զաւկի արժանապատութիւնն ու ազատութիւնը» – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով որ այդ Մեսիայի գալստեան ուրախութիւնը կը հիմնուի յարատեւ աղօթքի վրայ, որովհետեւ աղօթքի միջոցաւ մենք կը մտնենք Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ, որ է իսկական ուրախութեան աղբիւրը։ Որքանով որ մենք խարսխուած ենք Քրիստոսի մէջ այնքանով կարող ենք գտնել ներքին անդորրութիւն եւ ասոր համար «քրիստոնեան որ Յիսուսին հանդիպեցաւ չի կրնար ըլլալ դժբախտութեան մարգարէ, այլ վկայ եւ ուրախութեան պատգամաբեր։ Ուրախութիւն մը որ պէտք է կիսել ուրիշներուն հետ. Վարակող ուրախութիւն մը որ աւելի նուազ դժուար կը դարձնէ կանքի ուղեւորութիւնը – յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու ակնարկեց այլ մէկ վերաբերմունքի մը« այն է մշտատեւ գոհաբանութիւնը ու երախտապարտ սիրոյ արտայայտութիւնը Աստուծոյ, որ մեզի հետ առատաձեռն գտանուեցաւ։

Ուրախութիւն, աղօթք եւ երախտագիտութիւնը երեք վերաբերմունքներ են որ մեզի կը պատրաստեն  Սուրբ Ծնունդը ապրելու լիարժէք կերպով, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւէր ուղղելով մենք մեզ յանձնելու Աստուածամօր բարեխօսութեան։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսք ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ու խօսքին մէջ հաստատեց թէ «ամբողջ սրտով կը միանայ Նիճերիոյ Եպիսկոպոսներու կոչին՝ ազատ արձակելու համար «Քրիստոսի Հաղորդ Սրտի» միաբանութեան անդամ վեց մայրապետները, որոնք մէկ ամիս առաջ առեւանգուեցան։ Կ՛աղօթեմ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, անոնց ու բոլոր այն մարդոց համար, որոնք կը գտնուին ցաւալի իրավիճակի մէջ։ Թող որ Սուրբ Ծնունդը ըլլայ առիթ որ անոնք կարողանան վերջապէս իրենց տուները վերադառնալ- մաղթանք յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հազարաւոր մանուկներուն որոնք Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած են Մանուկ Յիսուսի արձաններու աւանդական օրհնութեան առթիւ։

«Սիրելի մանուկներ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, երբ կ՛աղօթէք մսուրին առջեւ թոյլ տուէք հրապուրուիլ Մանուկ Յիսուսի քնքշութենէն որ ծնաւ աղքատ իրավիճակի մէջ մեզի տալու համար իր սէրը։ Այս է իսկական Ծնունդը։ Առանց Յիսուսի, այդ մէկը կը դառնայ դատարկ տօնակատարութիւն, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու բարի ուղեւորութիւն դէպի Յիսուսի Ծնունդը եւ ինչպէս միշտ խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.