2017-12-17 08:46:00

17 դեկտեմբերին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին ծննդեան տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) 17 դեկտեմբերին կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին ծննդեան տարեդարձը։ Այս տարի Ան կը բոլորէ 81 ամեակը։  Քահանայապետի տարեդարձի առթիւ աշխարհի զանազան վայրերէն շնորհաւորական մաղթանքներ եւ ուղերձներ ուղղուեցան Նորին Սրբութեան։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ծննդեան տարեդարձները։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուելէն ետք իր ծննդեան տարեդարձները տօնախմբած է յատուկ կերպով։ Անցեալ տարի իր ծննդեան 80 ամեակին առիթով  Սանթա Մարթայի նստավայրին մէջ առտուան նախաճաշը ուզեց բաժնեկցել մի քանի տնանկներու հետ։ Իսկ 2015-ին տարեդարձը տօնախմբեց «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» երիտասարդական շարժումի պատանիներուն հետ յորդորելով անոնց քալել բարիի, ներումի խաղաղութեան ու զօրակցութեան  ճանապարհէն։ Մինչ 2014-ին, տարեդարձին օրը զուգադիպեցաւ չորեքշաբթի օր եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին հարիւրաւոր պարողներ Սրբազան Քահանայապետին  նուիրեցին Արժանթինեան «ԹԱՆԿՕ»ի պարը։ 17 դեկտեմբեր 2013-ին Նորին Սրբութիւնը տարեդարձը տօնեց Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին հրաւիրելով մի քանի թափառաշրջիկներ ու պատարագէն ետք անոնց հետ կիսելով նախաճաշը։ Իսկ 2018-ի դեկտեմբերի 17-ին Սրբազան Քահանայապետը  Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, յատուկ ունկնդրութիւն կը շնորհէ «Սանթա Մարթա» անուամբ մանկական խնամակալութեան կեդրոնի մանուկներուն։

Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյ - Ֆրանչիսկոս Պապ

Աւազանի անունով՝ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյ ծնած է 17 դեկտեմբեր 1936-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ, իտալացի ծնողներէ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 13 դեկտեմբեր 1969-ին եւ 22 Ապրիլ 1973-ին, որպէս Յիսուսեան միաբան, կատարած է իր մշտնջենաւոր ուխտերը։ 20 մայիս 1992-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը զինք կ՛անուանէ Պուէնոս Այրէսի տեղապահ եպիսկոպոս ապա 1988-ի փետրուարին կը դառնայ Արժանթինի արեւելեան ծէսի հաւատացեալներու առաջնորդ։

Կարդինալ կ՛անուանուի 2001-ի փետրուար 21-ին։ 13 մարտ 2013-ին, Պապընտիր կարդինալական ժողովը զինք կ՛ընտրէ որպէս Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդը։ Ընտրութենէն անմիջապէս ետք սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներու հոծ բազմութեան կը ներկայանայ  Ֆրանչիսկոս անունով, ներշնչուելով Ասիզացիի աղքատիկ սուրբէն։ Ան կը յայտնէ թէ ինք եկած է աշխարհի ծայրէն ու խոնարհաբար կը ծնրադրէ ու ժողովուրդէն կը խնդրէ որ օրհնեն զինք որպէս իրենց եպիսկոպոսը, սկիզբ տալով Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի քահանայապետութեան որ մինչեւ օրս յատկանշուած է խոնարհութեամբ, ողորմածութեամբ, պարզութեամբ, աղքատներու եւ կարիքաւորներու հանդէպ մեծ ուշադրութեամբ ու նաեւ մշտատեւ այն խնդրանքով իրեն համար աղօթելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.