2017-12-16 14:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունած է Էքուատորի նախագահը. Հաղորդագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը նշէ թէ այսօր՝ Շաբաթ 16 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց  Էքուատորի հանրապետութեան նախագահը՝ Տիար Լենին Պոլթէր Մորենօ Կարսէսը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը՝ գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։ 
Ջերմ բանակցութիւններու ընթացքին արծարծուեցաւ  քրիստոնէութեան որոշակի դերակատարութիւնը՝ երկրի ինքնութեան կազմաւորումի ծիրէն ներս եւ արժեւորուեցաւ Եկեղեցւոյ  ներդրումը։ 
Զրոյցները կեդրոնացան նաեւ երկու կողմերու ընդհանուր շահերու հայող որոշ հարցերու շուրջ, որոնց շարքին բնիկ ժողովուրդներու ու անոնց մշակոյթին յարգանքը, ինչպէս նաեւ բնապահպանումը։ 
Ի վերջոյ  տեղի ունեցաւ նաեւ գաղափարներու պտղաբեր փոխանակում տարածաշրջանի քաղաքական ու ընկերային իրավիճակի մասին, յատուկ ուշադրութիւն յատկացնելով այն ջանքերուն որոնք կը ձգտին յառաջացնել զարգացումը ու խթանել արդարութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.