2017-12-16 09:32:00

Իրան կը նախատեսէ մինչեւ Փետրուար 2018 անդամ դառնալ Եւրասիական տնտեսական միութեան


Իրան կ՛ակնկալէ, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցելուն վերաբերող փաստաթուղթերու ձեւակերպումը շուտով պիտի հասցուի իր աւարտին, որուն պիտի յաջորդէ միութեան անդամ երկիրներուն հետ համաձայնագիրի ստորագրումը:

Իրանեան «Փերս Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Իրանի առեւտուրի զարգացման կազմակերպութեան բանբեր Պեհրուզ Հասանոֆլաթ, ըստ որուն, համաձայնագիրը պիտի ստորագրեն բոլոր անդամ երկիրներուն նախագահները:

Կը նշուի, որ Իրան կը նախատեսէ ԵՏՄ-ի լիարժէք անդամ դառնալ փետրուար 2018-ին:

ԵՏՄ-ն տնտեսական համագործակցութեան միութիւն մըն է, որուն անդամ են Ղազախստանը, Պիելոռուսիան, Խըրխըզիստանը, Ռուսիան եւ Հայաստանը: Միութիւնը ստեղծուած է 1 յունուար 2015-ին` անդամ երկիրներուն միջեւ ազատ առեւտուր կատարելու նպատակով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.