2017-12-16 09:35:00

Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի հետ` քննարկելով երկկողմանի յարաբերութիւններն ու միջազգային քաղաքական օրակարգի շարք մը ճգնաժամային հարցեր, ներառեալ Քորէական թերակղզիին վրայ ստեղծուած իրավիճակը:

«Քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող արդիական հարցեր, ինչպէս նաեւ ճգնաժամային կէտերու մէջ տիրող իրավիճակը, մասնաւորաբար` Քորէական թերակղզիի հիւլէական խնդիրի լուծումը», կ՛ըսուի Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«ՌԻԱ Նովոսթի», յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կատարուած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ: Զրոյցի ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է հաղորդակցութիւններու շարունակման վերաբերեալ:

Թրամփի բանբեր Սառա Սանտըրզ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին 14 դեկտեմբերին տեղի ունեցած տարեվերջեան մեծ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու տնտեսական բարձր ցուցանիշները փաստելուն համար:

Փութին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, որ Թրամփի կառավարման օրերուն Մոսկուան առարկայականօրէն կը տեսնէ բաւական լուրջ տնտեսական ձեռքբերումներ: Փութինի կարծիքով` ատիկա կը վկայէ ներդրողներուն` ամերիկեան տնտեսութեան նկատմամբ ունեցած վստահութեան մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.