2017-12-16 09:42:00

Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է Հայ-Յունա-Կիպրական եռակողմանի հանդիպում


Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը 14 դեկտեմբերին ընդունեց Կիպրոսի նախագահի մարդասիրական եւ արտերկրի հարցերով յանձնակատար Ֆոթիս Ֆոթիուն եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թերենս Նիքոլաոս Քուիքը: Եռակողմանի հանդիպումին ընթացքին  քննարկուեցան միացեալ համագործակցութեան շարք մը հարցեր:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան ողջունելով հիւրերը նշեց. «Ուրախ եմ, որ եռակողմանի համագործակցութիւնը կը շարունակուի: Կարեւոր է, որ մենք կ՛իրականացնենք այն ծրագիրները, որոնց մասին ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւններ: Մեր հանդիպումին նպատակը եռակողմանի գործակցութեան աշխուժացումն է»:

Կողմերը վերահաստատեցին եւ կարեւոր նկատեցին երեք պետութիւններուն եւ անոնց ժողովուրդներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւնները, մշակութային, կրօնական եւ տնտեսական ամուր կապերը զանոնք միացեալ ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու միջոցով, սփիւռքի համայնքներու համակողմանի համագործակցութեամբ ա՛լ աւելի զարգացնելու եւ խորացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին առաջարկուեցաւ քայլեր ձեռնարկել սփիւռքեան երիտասարդական կառոյցներու համագործակցութիւնը աշխուժացնելու ուղղութեամբ:

Նախարար Յակոբեան ընդգծեց, որ համագործակցութեան նման ձեւաչափ մը նոր էջ կը բանայ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Ան կողմերուն առաջարկեց Յունաստանի եւ Կիպրոսի մասնագէտ-գիտնականները մասնակից դարձնել Երեւանի մէջ ապրիլին տեղի ունենալիք Համաշխարհային հաւաքին:

Կողմերը նախնական համաձայնութեան եկան մարտ 2018-ի աւարտին Վիեննայի մէջ տեղի ունենալիք համահայկական խաղերուն ընթացքին  հայկական, յունական եւ կիպրական սփիւռքներու երիտասարդներու միացեալ  հանդիպում կազմակերպելու հարցով: Ինչպէս նաեւ ամրան Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք «Իմ Հայաստան» մշակութային փառատօնին կարելի դարձնել յունական եւ կիպրական սփիւռքի մշակութային խումբերու մասնակցութիւնը:

Ֆոթիս Ֆոթիուն ողջոյնի իր խօսքին մէջ նշեց, որ «մենք այստեղ ենք` կառուցելու համագործակցութեան առաջնահերթութիւններ եւ գտնելու այդ հարցերու լուծման միջոցները: Մենք կարեւոր կը նկատենք մեր երկիրներու սփիւռքեան կառոյցներուն հետ համագործակցութիւնը»:

Այս հանդիպումը Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի միջեւ պաշտօնական երկխօսութեան շարունակութիւնն է: Անիկա նպատակ ունէր կողմերուն միջեւ սփիւռքեան երեք համայնքներու ներգրաւումով, համագործակցութեան շրջագիծին մէջ իրականացնել յստակ ծրագիրներ:

Կողմերը կարեւոր նկատեցին համագործակցութեան կոչով դիմելու աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ իրենց սփիւռքեան համայնքներուն` միմեանց հետ համագործակցելու` յատկապէս, ազգային տօներուն, յիշատակի օրերուն, ցեղասպանութեան տարելիցներուն նուիրուած միացեալ ձեռնարկներ  կազմակերպելու համար:

Եռակողմանի բանակցութիւններուն լոյսին տակ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է 2018-ի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն սկիզբը  կազմակերպել ցուցահանդէս, որ նուիրուած ըլլայ Հայոց եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Կիպրոս կղզիի թուրքերու  ներխուժման:








All the contents on this site are copyrighted ©.