2017-12-15 09:18:00

Տը Միսթուրա. «խաղաղութիւն չգոյացնելու պարագային Սուրիան ենթակայ է մասնատման»


ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա զգուշացուց Սուրիոյ մէջ շուտով խաղաղութիւն չհաստատելու պարագային այդ երկրի մասնատումէն:

Տը Միսթուրա զուիցերիական «Էռ.Թէ.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը պէտք է մղել ընդունելու, որ անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի ճամբով նոր սահմանադրութիւն մը որդեգրել եւ նոր ընտրութիւններ կատարել:

«Սուրիական ընդդիմութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց ուղղակի բանակցութիւններ կատարելու, սակայն կառավարական պատուիրակութիւնը ատոր պատրաստ չէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք Մոսկուան յորդորած է Սուրիոյ կառավարութիւնը համոզելու, որ անհրաժեշտ է 7-ամեայ պատերազմին վերջ տալու համար խաղաղութեան համաձայնութիւն գոյացնել:

ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակը յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կրնայ ազդանշան տալ Սուրիոյ կառավարութիւնը համոզելու, որ յաւելեալ ժամանակ չկորսնցնէ:

Ան Ռուսիոյ նախագահը նկատեց «վճռական մարդ» մը, որ իրապէս լաւատեղեակ է Սուրիոյ հարցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.