2017-12-15 09:45:00

Սուրբ Ծննդեան տօնի պատրաստութեան «Յիսնակացի» խորհրդածութիւնները Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 15 դեկտեմբեր 2017-ին, Առաքելական Պալատի  Ռետեմթորիս Մաթեր անուամբ մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առ ի պատրաստութիւն` Յիսնակացի շրջանի խորհրդածութիւններու առաջին նիստը զոր ներկայացուց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Քափուչին միաբանութեան անդամ, Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան։

Վերոյիշեալ խորհրդածութեան նիստին հրաւիրուած են մասնակցիլ կարդինալներ, արքեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ, Սուրբ Աթոռի վերին իշխանութեան գրասենեակներու քարտուղարներ եւ Հռոմի Քուրիայի ու Հռոմի Թեմի բոլոր բարձրաստիճան եկեղեցականները ինչպէս նաեւ միաբանութիւններու մեծաւորներն ու կրօնական Քահանայապետական միաբանութիւններու մեծաւորները։ Խորհրդածութեան նիստին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

«Այս տարուայ խորհրդածութեան նիւթի նպատակն է  Յիսուսը զետեղել որպէս Տիեզերքի ու պատմութեան եւ վայր ու ժամանակի կեդրոն, ու յատկապէս զայն զետեղել մեր անձնական կեանքի որպէս կեդրոն» յայտնած է Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան Քահանայապետական Տան քարոզիչը նշեով թէ խորհրդածութիւններու ընթացքին պիտի ջանայ պատասխանել այն  հարցումին թէ «Որքան տեղ ունի Յիսուսը ժամանակակից աշխարհի մարդոց կեանքէն ներս»։

2017 տարուայ Յիսնակացի քարոզներու ընդհանուր նիւթը քաղուած է Սուրբ Պօղոսի Կողոսացիներուն ուղղուած նամակէն « Բոլոր բաները ստեղծուեցան անով եւ անոր համար։» (Կող 1, 16).








All the contents on this site are copyrighted ©.