2017-12-15 09:47:00

Հայկական վանականութիւնը պատմութեան հոլովոյթին


Նախորդ հաղորդումներուն մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձանք թէ ի՛նչ է աղօթքը եւ թէ աղօթքի ի՛նչ տեսակներ կան։ Ապա յիշեցինք Սուրբ Պատարագի կարեւորութիւնը քրիստոնէական եւ մասնաւորապէս վանական կեանքի մէջ։ Վանականներու առօրեային մէջ մասնաւոր տեղ յատկացուած էր ժամերգութիւններուն։ Վանականներ, ունէին տարբեր հոգեւոր հրահանգներ, առանձնական աղօթք եւ աշխատանքի ժամեր։ Սակայն ժամերգութիւնը, հասարակաց աղօթքը շատ կարեւոր կը նկատուէր վանքերուն մէջ։

Ժամերգութիւնները, որ հիմնականին ունին աստուածաշնչական արմատներ, դարերու ընթացքին զարգացան եւ ճոխացան։ Սաղմոսներով, շարականներով, աղօթքներով եւ քարոզներով՝ քրիստոնեաներ կը փառաբանեն Աստուած եւ աղօթքներուն մէջ կը մատուցանեն իրենց խնդրանքները՝ անձին եւ ուրիշներուն համար։ Ժամերգութիւնը Եկեղեցւոյ հասարակութեան կողմէ եւ հասարակութեան համար մատուցուած պաշտօնն է։ Նախորդ հաղորդումին մէջ յիշեցինք մեր Եկեղեցւոյ վարդապետներու վկայութիւնները միջնորդութեան աղօթքի մասին։ Վանականները իրենց փառաբանութիւնն ու խնդրուածքը կը մատուցանեն Ամենասուրբ Երրորդութեան բոլոր հաւատացեալներու անունով։

Գրիգոր Տաթեւացի, Գիրք Հարցմանց երկին մէջ կը գրէ՝ թէ զԱստուած օրհնելը գոհութիւն է եւ շնորհակալութիւն՝ մեզի տրուած բազմաթիւ բարիքներուն համար. ինչպէս նաեւ խոստովանութիւն է եւ վկայութիւն։ Ան կը գրէ՝ «Կը գոհանանք՝ որովհետեւ մեզ աղօթքի այս ժամուն հասցուց. Անոր մեծութեան փառք կը յայտնենք. կը վկայենք Անոր բարութիւնը եւ երանութիւնը եւ կցորդ կը դառնանք անոնց։ Ասոր համար է, որ աղօթքի սկիզբը կʼըսենք՝ ʼօրհնեաʼ, այսինքն գոհութիւն մատուցանէ Աստուծոյ, եւ անոր փառք տուր, որպէսզի հաղորդակից ըլլանք Անոր բարութեան։»

Խոսրով Անձեւացի, Ժամերգութեան մեկնութեան մէջ կը գրէ՝ թէ յայտնի է, թէ մարդիկ հրեշտակներէն աւելի երախտահատոյց պէտք է ըլլան Աստուծոյ՝ Անոր սիրոյն, յաճախ շնորհած ներումին եւ անպատում առատ պարգեւներուն համար։

«Անշուշտ պէտք է ջանանք մեր կարելիին չափով մեր պաշտամունքը մատուցանել Աստուծոյ՝ սուրբ սրտով, բարի մտքով եւ անկեղծ հաւատքով։ Որպէսզի հրեաներուն նման չբամբասուինք Աստուծոյ կողմէ, թէ ʼայս ժողովուրդը շրթունքներով կը պատուէ զիս, եւ անոնց սիրտը ինձմէ հեռացած է. անոնք զուր կը պաշտեն զիսʼ։»

Յովհաննէս Օձնեցի, ժամհարին առաւօտեան կոչը կը նմանցնէ Գաբրիէլ հրեշտակապետի փողի կանչին, եւ աղօթատեղի ժամանելը՝ ահեղ դատաստանի հաւաքին, իսկ քունի թմրութենէն արթննալը, կʼըսէ ան, օրինակ է առաջին արդարներուն։

Ապա Յովհաննէս Օձնեցի կը մեկնէ ժամերգութեան զանազան ժամերը։ Ան կը հաշուէ գիշերային ժամը, ապա երրորդ, վեցերորդ, իններորդ եւ տասներորդ ժամերը՝ իւրաքանչիւր ժամի տալով անոր իմաստը, որ սերտօրէն կապուած է մարդու փրկագործութեան պատմութեան հետ, սկսեալ ադամի մեղանչումէն մինչեւ մարդ արարածի փրկութիւնը, Քրիստոսի խաչելութեամբ, մահուամբ եւ յարութեամբ։

Իսկ Մատթէոս դպիր, բացատրելով, թէ ինչու՛ օրը ինն անգամ կʼաղօթենք, կը գրէ՝ «Որովհետեւ երկնքի մէջ հրեշտակներու ինը դասերը մշտապէս կը փառաբանեն Ամենասուրբ Երրոդութիւնը, իսկ մենք հողեղէններս, ըստ սուրբ հայրերու սահմանած աւանդութիւններուն եւ կանոններուն, ինն անգամ աղօթք մատուցանելով՝ կը հետեւինք հրեշտակներուն։»

Յուսիկ Եպիսկոպոս կը յիշէ Սեւանայ Վանքի կանոնները ուր կը կարդանք կարգաւորութիւնը, թէ «շաբաթ օրերը եւ տէրունական տօներուն, գիշերը հսկումով պէտք է անցընել. եւ առաւօտ անխափանօրէն պատարագ մատուցանել։ Կոչնակը երբ կը հնչէ, բոլորը միաբան եկեղեցի եւ սուրբ սեղանին երթան լռութեամբ եւ խոնարհութեամբ։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.