2017-12-14 11:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ կարգ մը դեսպաններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 14 դեկտեմբերի, առաւօտեան, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ հաւատարմագիրերը ներկայացումի առիթով ընդունեց, Սուրբ Աթոռի մօտ Եմենի, Նիւ Զիլանտիայի, Սվազիլանտի, Չատի, Լեյքսթայնի, Ազերպետճիանի եւ Հնդկաստանի նորանշանակ դեսպանները եւ անոնց  ուղղած ողջոյնի խօսքին սկիզբը խնդրեց, որ իր ողջոյնները փոխանցեն իրենց պետութիւններու նախագահներուն ապահովեցնելով իր աղօթքը անոնց ժողովուրդներուն։

Ան ապա անդրադառնալով վերոնշեալ դեսպաններուն ներկայացուցած երկիրներու մշակութային, կրօնական աւանդութիւններու  զանազանութեան ընդգծեց այդ տարբերութիւններուն  դրական ու կառուցողական դերակատարութիւնը Ազգերու շառաւիղէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նաեւ  միջազգային ընտանիքին, կենսոլորտի զօրակցութեան, ընկերային բնապահպանութեան  ծիրէն ներս սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ բռնակալ ծայրայեղական գաղափարապաշտութենէ յառաջացած սպառնալիքներուն, որոնք կը խաթարեն աշխարհի խաղաղութեան ու համերաշխութեան կերտումը։ Ան ապա  յիշել տուաւ դեսպաններուն, որ մարդկային ընտանիքի զանազանութիւնը ինքնիր մէջ խաղաղ համակեցութեան մարտահրաւէրներուն պատճառը չէ, այլեւ այդ մէկը փնտռելու ենք երկխօսութիւն հաստատելու ձախողութեան մէջ ըսաւ Քահանայապետը ու  շեշտը դրաւ երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ, որ թոյլ կու տայ տարբերութիւնը հարազատ կերպով ապրելու, կը մղէ համագործակցութեան ու կը յառաջացնէ հաշտութիւնը։  Համագործակցութիւնը ապա կը խթանէ զօրակցութիւնը որ անհրաժեշտ  պայմանն է արդարութեան զարգացումին ու մարդկային արժանապատուութեան յարգանքին։

Առ այդ երկխօսութեան ու համագործակցութեան ուղղութեամբ յանձնառումը ըլլալու է ամէն մէկ իշխանութեան ու միջազգային հասարակութեան յատկանիշը ու նաեւ յատկանիշը ամէն մէկ տեղական հասարակութեան տրուած ըլլալով որ բոլորն ալ կը գործեն ի սպաս հասարակաց բարիքի փնտռտուքին ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յատուկէն անդրադառնալով նաեւ նոր սերունդի դաստիարակութեան ու կազմաւորումի անհրաժեշտութեան ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը դեսպաններուն ապահովեցնելով Սուրբ Աթոռի զանազան գրասենեակներուն թիկունքը մաղթելով անոնց  բարի աշխատանք ապա շնորհեց բոլորին ինչպէս նաեւ անոնց հարազատներուն իր առաքելական օրհնութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.