2017-12-14 09:39:00

Սուրբ Ծննդեան նախատօնական օրեր՝ Մեսրոպեանի մէջ


Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հոգեւոր վարիչի գրասենեակին, գործակցութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ աշխատակցութեամբ աշակերտական Հոգեւոր խմբակին, Մեսրոպեան վարժարանի մէջ տեղի ունեցան շարք մը հոգեւոր դաստիարակութեան ձեռնարկներ՝ Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ:

Մասնաւորապէս, աշակերտութեան համար կազմակերպուեցան խոստովանանքի օրեր, որուն առ ի պատրաստութիւն, վարժարանի հոգեւոր վարիչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան աշակերտներուն հետ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին անոնց բացատրեց խոստովանանքի եւ ապաշխարհութեան իմաստը, շեշտելով ներողամտութեան եւ ընկերասիրութեան կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ: 

Դեկտեմբերի 11-ին, Մեսրոպեանի ամբողջ աշակերտութիւնը եւ բազմաթիւ ծնողներ մասնակցեցան Ծննդեան մսուրին մէջ Յիսուս Մանուկի տեղադրման խորհրդանշական արարողութեան, զոր գլխաւորեց Տէր Ռաֆֆի քահանան, իր կողքին ունենալով Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ եւ օգնական ժողովրդապետներ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան եւ հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան: Արարողութեան ընթացքին, Յիսուս Մանուկը Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ կանգնած Սուրբ Մաշտոցի յուշակոթողին առջեւէն տեղափոխուեցաւ Մսուր՝ նոյնպէս շրջափակին մէջ վեր բարձրացող հսկայ տօնածառին տակ: Աշակերտները երգեցին հոգեւոր երգեր, մինչ պատանի Մեսրոպեանականներ կատարեցին դպիրներու պարտականութիւնը՝ պահը լեցնելով հոգեւոր խոր ապրումներով:

Այս առիթով Մեսրոպեանի Ծիծեռնակ երգչախումբը հանդէս եկաւ Սուրբ ծննդեան երգերու շարքով մը: Խօսքեր արտասանեցին աշակերտներ եւ ուսուցիչներ, որոնք վեր բերին Սուրբ Ծննդեան իմաստը մարդ անհատին եւ ամբողջ մարդկութեան համար: Տէր Ռաֆֆի քահանան անգամ մը եւս անդրադարձաւ Աստուծոյ մարդեղացման խորհուրդին եւ ընդգծեց այն թելադրանքները, որոնք կը բխին մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ Սէրէն: Վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ խոր գոհունակութիւն արտայայտեց հոգեւոր լիցքերով նշանաւորուած այդ օրուան համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպեցին զայն:

 

 Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.