2017-12-14 09:15:00

Իսլամ երկիրներ արեւելեան Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաք ճանչնալու կոչ ըրին


ՊՈԼԻՍ, «Պի.Պի.Սի.».- Դեկտեմբեր 12ին կայացած Իսլամական համագործակցութեան  կազմակերպութեան վեհաժողովը հրապարկեց համատեղ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, թէ «անվաւեր եւ անարժէք» է Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք համարելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կոչ կատարուեցաւ համայն աշխարհին, որ Արեւելեան Երուսաղէմը ճանչնայ իբրեւ Պաղեստինի «բռնագրաւեալ մայրաքաղաք»ը:

Իսլամական երկիրներու ղեկավարներու սոյն ժողովը գումարուած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի առաջարկով. անոր ընթացքին, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս շեշտած է, թէ բացայայտօրէն կողմանակալ դարձած Միացեալ Նահանգները այսուհետեւ չի կրնար արդար միջնորդ մը ըլլալ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ բանակցութիւններուն, եւ այս պատճառով ալ միջնորդի անոր պարտականութիւնը պէտք է ստանձնէ ՄԱԿը։

Յատկանշական է, որ կարգ մը իսլամական երկիրներ, ներառեալ Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը, նախարարներու մակարդակով մասնակցեցան սոյն ժողովին, հաւանաբար՝ չնեղացնելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.