2017-12-13 15:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու վեհաժողովի մասնակիցները


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութենէն առաջ Պօղոս Զ փոքրիկ դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կաթողիկէ ներշնչում ունեցող  ոչ կառավարական կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած վեհաժողովի մասնակիցները, որոնց  ապա հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ուղղեց ողջոյնի խօսքին մը որուն մէջ քաջալերեց  զանոնք միասնաբար  աշխատիլ  Կաթողիկէ համայն կազմակերպութիւններու եւ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչներու հետ՝   գործակցութեան եւ հաղորդութեան հոգիով,  որպէս նշան եկեղեցւոյ աւելի արդար եւ զօրակցական աշխարհ կառուցելու  յանձնառութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց վերոնշեալ կազմակերպութեան,  Աւետարանի ճրագը՝ աշխարհի արուարձանները տանելու, մարդու արժանապատուութիւնը  պաշտպանելու,  ժողովուրդներու համապարփակ զարգացումը խթանելու  եւ մարդկային ընտանիքի անդամներուն հոգեւոր եւ նիւթական կարիքները հոգալու ի գործ դրած ջանքերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.