2017-12-13 09:20:00

Սուրիահայ գաղութի վերականգնումին նուիրուած հանրային քննարկում՝ դեկտեմբեր 15-ին


Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին՝ ՍԱՐՖ-ին, եւ հովանաւորութեամբ Հայց. Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն, Դեկտեմբեր 15-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային յատուկ հաւաք՝ քննարկելու համար Սուրիոյ մայր գաղութի վերականգնումի եւ վերակառուցման ծրագիրները:

Հաւաքին ներկայ պիտի ըլլայ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ նաեւ նախագահն է Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի մարմինին:

Հանդիպումը, հիմնականին մէջ, առիթ պիտի ըլլայ հիւր առաջնորդ սրբազանէն լսելու Սուրիոյ ու մասնաւորաբար Հալէպի մեր հարազատներուն կացութեան ու գաղութի վերականգնումի ծրագիրներուն մասին:

Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։

Իրանահայ միութեան կեդրոնի հասցէն է՝ 117 S. Louise St., Glendale, CA 91205։

«Լաւ Երկիրներ»ու Ցանկին Վրայ Հայաստան 75րդն է








All the contents on this site are copyrighted ©.