2017-12-13 13:24:00

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Մանուկ Յիսուսի արձաններու օրհնութիւն։


 (Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ Կիրակի 17 դեկտեմբեր 2017-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ պիտի համախմբուին աւելի քան 2500 մանուկներ որոնք պիտի մասնակցին Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքին, որուն ընթացքին Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, պիտի օրհնէ տուներու` դպրոցներու եւ մսուրներու մէջ զետեղուելիք մանուկներուն բերած «Մանուկ Յիսուսի» արձանիկները։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ փոքրիկ ուխտաւորները, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն, դաստիարակներուն, ու ժողովրդապետերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սուրբ Պետրոս մէջ մատուցուած Սուրբ պատարագի արարողութեան։

Այս տարուայ ձեռնարկը որ կազմակերպուած է Հռոմի Քրիստոնէականի զբօսավայրերու նախաձեռնութեամբ եւ որ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ յիսնակացի երրորդ կիրակի օրը, ունի որպէս բնաբան  «Քեզի համար տեղ կայ» եւ որուն նպատակն է ըլլալ նշան մօտիկութեան ու կարեկցութեան ինչպէս նաեւ խոչընդոտներու վերացումին ուր «տարբերութիւնները» անհետանան ու ամէնքը իրարու հաւասար նկատուին։ ։

Անցեալ տարուայ Յիսուս մանուկներու օրհնութեան առթիւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրած էր մանուկները խնդրելու Յիսուս Մանուկէն որ մեզի օգնէ սիրելու զԱստուած ու մերձաւորը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.