2017-12-13 10:18:00

Հրապարակայաին ունկնդրութիւն. «Ի՞նչու պատարագի մասնակցիլ կիրակի օրը»։


Յովհաննէս 20, 1. 19-23

Մէկշաբթի օրը՝ Մարիամ Մագդաղենացին, առտուն՝ դեռ չլուսցած՝ կ՚երթայ գերեզման, եւ կը տեսնէ թէ քարը վերցուած է գերեզմանին դռնէն […] Նոյն օրը, Մէկշաբթի իրիկուն, աշակերտներուն հաւաքուած տեղին դռները գոց էին՝ քանի որ կը վախնային Հրեաներէն: Յիսուս եկաւ, կայնեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ անոնց. «Խաղաղութի՜ւն ձեզի»: Ասիկա ըսելով՝ ցուցուց անոնց իր ձեռքերն ու կողը. աշակերտներն ալ ուրախացան՝ երբ տեսան Տէրը: Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց. «Խաղաղութի՜ւն ձեզի. ինչպէս Հայրը ղրկեց զիս, ես ալ կը ղրկեմ ձեզ»:Ասիկա ըսելով՝ փչեց անոնց վրայ եւ ըսաւ անոնց. «Ընդունեցէ՛ք Սուրբ Հոգին: Որո՛նց մեղքերը որ ներէք՝ ներուած ըլլան անոնց, եւ որո՛նց մեղքերը որ պահէք՝ պահուած ըլլան»:

 (Ռատիօ Վատիկան) Ի՞նչու պատարագի մասնակցիլ կիրակի օրը։ Այս հարցումը ուղղելով է  որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան, զոր կատարեց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ՝ 13 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան։ 

«Կիրակնօրեայ պատարագը Եկեղեցւոյ կեանքի կեդրոնն է» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։ Մենք Քրիստոնեաներս կիրակի օր պատարագի կը մասնակցինք հանդիպելու համար Յարուցեալ Տիրոջ, կամ աւելի շիտակը, թոյլ տալու որ Ան մեզի հանդիպի, ունկնդրելով Անոր Խօսքը, սնանելով Անոր սեղանէն, ու դառնալով Եկեղեցի՝ այսինքն Անոր խորհրդաւոր կենդանի մարմինը աշխարհի մէջ։

Այս մէկը  առաջին պահէն հասկցան Յիսուսի աշակերտները որոնք Տիրոջ հետ կիսեցին սուրբ հաղորդութիւնը, հրեաներուն համար նկատուած շաբթուայ առաջին օրը, մինչ Հռովմէացիներուն համար «Արեւու օրը», որովհետեւ այդ օր Յիսուս Յարութիւն առաւ մեռելներէն ու յայտնուեցաւ աշակերտներուն անոնց հետ զրուցելով, անոնց հետ ուտելով անոնց պարգեւելով Սուրբ Հոգին։

«Պենտեկոստէի օրը՝ Սուրբ Հոգիին գալուստը եւս տեղի ունեցաւ կիրակի օրով ասոր համար Կիրակին մեզի համար սուրբ է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ այդ օր սրբացուած է սուրբ պատարագի մատակարարութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ բազմաթիւ քրիստոնեայ հասարակութիւններ կարող չեն մասնակցիլ կիրակնօրեայ պատարագին սակայն անոնք եւս կանչուած են սրբացնելու այդ օրը, մինչ այլ հասարակութիւններ կորսնցուցին կիրակի օրուայ քրիստոնէական իմաստը ու այնտեղ եւս հարկաւոր է վերակենդանացնել այդ գիտակցութիւնը, թելադրեց Սրբազան Պապը, մէջբերելով Վատիկանեան տիեզերական Բ Ժողովին խօսքը որ Կիրակին կը համարէ առաջնահերթ տօնական օր, որ պէտք է առաջարկուի  հաւատացեալներու ջերմեռանդութեան  այնպէս որ ան դառնայ նաեւ ուրախութեան ու աշխատանքէ զուրկ օր մը։

«Առանց Քրիստոսի դատապարտուած ենք յաղթահարուած մնալ առօրեայի մտահոգութիւններէն ու յոգնութիւններէն ու ապագայի վախէն» ըսաւ ապա Քահանայապետը շեշտելով թէ կիրակնօրեայ հանդիպումը Տիրոջ հետ մեզի ուժ կը պարգեւէ՝ այսօրը ապրելու քաջութեամբ եւ վստահութեամբ ու յառաջ ընթանալու յոյսով։

«Պատարագի չենք մասնակցիր բան մը նուիրելու համար Աստուծոյ այլ Անորմէ ընդունելու այն ինչը որուն իսկապէս կարիքը ունինք» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ պատարագի չենք երթար Եկեղեցական պարզ պարտականութեան մը համապատասխանելու համար, թէեւ այդ մէկը կ՛օգնէ պահպանելու արժէքը, այլ սուրբ զոհին կը մասնակցինք  որովհետեւ միայն Յիսուսի շնորհքով ու Անոր մեր մէջ կենդանի ներկայութեամբ է որ մենք կարող ենք ի գործ դնել Անոր պատուիրանը ու դառնալ Անոր հաւատալի վկաները։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած տարբեր վայրերէ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներ, յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն յիշեցնեով թէ այսօր կը նշուի Սրբուհի Լուչիայի տօնը՝ կոյս եւ մարտիրոս, ու հրաւիրելով երիտասարդները խոկալու Յիսուսի սիրոյ վեհանձնութեան մասին, խրախուսելով հիւանդները իրենց տառապանքները նուիրելու մեղաւորներու դարձին ու յորդորելով նորապսակներուն աւելի ժամանակ յատկացնել աղօթքին, յատկապէս այս յիսնակաց շրջանի ընթացքին, որպէսզի իրենց կեանքը դառնայ քրիստոնէական կատարելիութեան ուղեւորութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.