2017-12-13 11:48:00

Իրաքի Թելսքուֆ քաղաքի կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերաօծում եւ բացում


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի Թելսքուֆ քաղաքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին,  ՏԱՀԵՇ-Ի ծայրայեղ մահմետական խմբաւորումներու կողմէ  սրբապղծումի եւ կործանումի ենթարկուելէ ետք,   «տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն»   Քահանայապետական հիմնարկի օժանդակութեան շնորհիւ վերանորոգուեցաւ  ու անոր վերաօծման ու բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ 8 դեկտեմբերին  մեծ հանդիսութեամբ ձեռամբ՝ Գերապայծառ Պաշշար Մաթթի Վարտայի, որ այս առթիւ արտասանած պատգամին  մէջ եկեղեցւոյ բացումը նկատեց որպէս  նուաճումի եւ յոյսի  պատգամ:

 «ՏԱՀԵՇ-ը ուզեց քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը բնաջնջել, սակայն  անոնք գացին  ու մենք մնացինք» ըսաւ գերապայծառը  եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութեան ընթացքին դիտել տալով որ եկեղեցւոյ վերաբացումը, զօրեղ խթան է քրիստոնեաներուն իրենց քաղաքը վերադառնալու համար։

Նշենք թէ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգման ծրագիրը մաս կը կազմէ «տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն»   քահանայապետական հիմնարկի, Նինւէ մարզի  քրիստոնեաներուն բնակարանները նորոգելու ծրագրին, որուն շնորհիւ մօտաւորապէս 6330 ընտանիքներ արդեն վերադարձած են իրենց տուները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.