2017-12-12 19:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Լատին Ամերիկայի նուիրուած սուրբ պատարագին ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) «Եղբայրներ այս  մեր Լատին Ամերիկացի ինքնութեան յիշատակումի մթնոլորտի մէջ, մեր սրտին մէջ կրկնենք Եղիսաբեթի երգը՝ երգ պտղաբերութեան, ու մեր ժողովուրդներուն հետ միասին, որոնք երբեք չեն յոգնիր զայն կրկնելէ ըսենք. «Օրհնեալ ես դու ի կանայս եւ օրհնեալ է պտուղ որովայնի քոյ Յիսուս»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց Կուատալուփէի Տիրամօր տօնին առթիւ, 12 դեկտեմբերի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը որուն սկիզբը ան մատնանշած էր օրուան Աւետարանական հատուածին ուր կը պատմուի Սուրբ Կոյս Մարիամին Եղիսաբեթին տուած այցելութեան մասին, ու այդ պատմուածքէն մեկնելով ակնարկած էր փոքրիկն Խուան Տիէկոյին որուն յայտնուած էր Կուատալուփէի Տիրամայրը եւ որ ինքզինք անարժան կը նկատէր այդ երեւումին ականատես ըլլալուն համար։ Սրբազան Քահանայապետը այս առընչութեամբ մատնանշեց Լատին Ամերիկացի ժողովուրդներուն կեանքի պայմաններուն ու անոնց տնտեսական ու ընկերային կարգավիճակին, երիտասարդութեան ապրած դժուարութիւններուն, գործազրկութեան, գաղթականներուն, երախաներու մարմնավաճառութեան որոնք յաճախ կապուած են սեռական զբօսաշրջութեան։

Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց Եղիսաբեթի ամուլութեան ու անոր պտղաբերութեան մասին։ Ան, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ ամուլ կին մըն էր դարձաւ պտղատու ու եղաւ առաջինը որ ճանչցաւ եւ օրհնեց Մարիամը ու անոր արգանդին մէջ ծնանելիք Փրկիչը։ «Եղիսաբեթին միջոցաւ մենք կը հասկնանք թէ Աստուծոյ երազը կարող չէ  ըլլալ ամուլ՝ այլ ան ծիլ կու տայ ու պատուաբեր է» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ակնարկելով Լատին Ամերիկայի ժողովուրդներու մշակութային տարբերութիւններուն ու հարստութիւններուն հրաւիրեց պաշտպանել այդ աւանդութիւնները ու խուսափիլ միաձեւ ներկայացուցած գաղափարախօսութիւններէ «որոնք ամուլ կը դարձնեն մեր պապերուն մեզի թողած  ժառանգութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  հաստատելով թէ մեր պտղաբերութիւնը մեզ կը մղէ պաշտպանելու մեր ժողովուրդները գաղափարական գաղութատիրութենէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց հրաւիրելով սորվիլ Աստուածամօրմէն ու դառնալ Եկեղեցի մը որ գիտէ որդեգրել իր զաւակներուն կերպարանքը  այնպէս որ եւ ոչ մէկը ինքզինք նկատէ որպէս ոչնչութիւն, ընդհակառակը՝ Եղիսաբեթի ու Խուան Տիէկոյի նման իրենք զիրենք զգան որպէս յոյսի մը պատգամաւորներ, յոյսի մը որ զիրենք կը մղէ զԱստուած կոչելու «Հայր», մեկնելով այն որդիական խորհուրդէն որ առանց անտեսելու իւրաքանչիւրի յատկութիւնները, մեզ կը տիեզերականացնէ ու մեզ կը համախմբէ որպէս մէկ ժողովուրդ» յարեց Նորին Սրբութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.