2017-12-12 11:19:00

Քոյր Անիի վկայութիւնը Հալէպի ներկայ իրավիճակի մասին


(Ռատիօ Վատիկան) Հալէպի մէջ «Յիսուս Մարիամ» ի դուստեր միաբանութեան անդամ Քոյր Անի Տեմիրճեան «տառապող եկեղցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկի հետ վերջերս ունեցած է ելոյթ մը, որուն մէջ նկարագրած է Հալէպի ներկայ իրավիճակը-  յայտնելով թէ քաղաքին մէջ վերջ գտած են հակամարտութիւնները, սակայն այժմ կը պատրաստուին՝  վերապրելու նոր պայքար մը՝ բնականոն կեանք ապրելու համար:

Քոյր Անի, Հալէպի դժնդակ տարիներուն.  «տառապող եկեղցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական կազմակերպութեան աջակցութեամբ, դիմագրաւած է հալէպի բնակչութեան ՝ բժշկական, սննդական, հագուստի կարիքներուն, մինչեւ ջուրի մատակարաման հարցերը,  լուծումներ գտնելով անոնց:    

Քոյր Անի, զրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկի բարերաներուն, որոնք աջակցած են եւ կ'աջակցին Քրիստոնեաներուն ու համայն Սուրիոյ ժողովուրդին յայտնելով  «Սուրիոյ մէջ իւրաքանչիւր բնակարան ունի իր պատմութիւնն ու վէրքը: Սակայն՝ պատերազմի ընթացքին ձեր օժանդակութիւնն ու մօտիկութիւնը  ցոյց տուին, որ իսկապէս մեր  եղբայրներն ու քոյերն էք»  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.