2017-12-12 09:20:00

Մարիամ Ամենասրբուհի Անարատ Յղացեալ


Հայ եկեղեցւոյ մէջ 6րդ դարէն սկսեալ կը յայտնուին Մարեմեան տօները . Աւետման տօնը 25 Մարտին, Մարիամի ծննդեան տօնը 8 Սեպտեմբերին եւ Ննջումն Աստուածամօր կամ Վերափոխումը 15 Օգոստոս ին : Ութերորդ դարուն կը սկսի յիշատակուիլ նաեւ Մարիամ Կոյսին Անարատ Յղութեան տօնը՝ 9 Դեկտեմբեր ին:

Սերովբէ հողեղէն եւ մարմնաւոր Քերովբէ , Դուն որ անոնցմէ անհասանելին կրեցիր արգանդիդ մէջ, օրհնութեամբ քեզ բարեբանելով կը մեծացուցանենք :

Դիտելով եւ խորհրդածելով Մարիամի կոչումն աստուածամայրութեան, շարականասացը մեր տեսութեան կու տայ անոր բացառիկ սրբութիւնը , կոչելով զինք սերովբէ Հողեղէն եւ մարմնաւոր քերովբէ: Ամէնէն վսեմ կոչումն Մարիամի , անոր աստուածամայրութիւնն է, ծաղկեալ   եւ խորիմաստ մէկ թեման հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր երգերուն, ինչպէս որ կը բանաձեւէ զայն գեղեցիկ շարականը . « Քեզ Աստուածածին կը դաւանինք եւ քեզմէ ծնեալն Աստուած կը քարոզենք »: Նազարէթի խոնարհ կոյսը պիտի չկարենար սակայն արժանանալ աստուածամայրութեան այս կոչումին եթէ իր յղութեամբ իսկ իր ծնողքէն զերծ պահուած չըլլար ամէն մեղքէ, նոյնիսկ մեղքէն որ հասարակաց է համայն մարդկութեան , սկզբնական մեղքը : Մարիամի կոչումին կը համապատասխանէ սկզբնական խորհուրդ մը, արտակարգ մէկ գործն աստուաղային իմաստութեան եւ սրբութեան մանաւանդ, այսինքն ոչ միայն անարատ ծնունդն Մարիամի, այլ նաեւ անոր Անարատ Յղութիւնը, այսինքն զերծ մնայն սկզբնական մեղքէն:

Մարիամ կը դիտուի իբր չառաւիղ առաջին մարդուն, բայց չառաւիղ որ կը մնայ անդատապարտ եւ ասոր համար կը կոչուի անթառամ ծաղիկ , այսինքն երբեք չժառանգեց թառամեցումը, իբր հետեւանք սկզբնական մեղքին եւ մնաց անդատապարտ չառաւիղ , այսինքն զերծ սկզբնական արատէն, ուրեմն անարատ յղացեալ: Իբր սերոէբէ եւ իբր քերովբէ Մարիամ միայն չծնաւ անարատ, այլ նաեւ յղացաւ անարատ իր մօր՝ Աննայի արգանդին մէջ:

Մարիամ, մարդկային արատաւոր ցեղին մէջ, զերծ պահուած է զերդ անոր յղութեան րոպէին իսկ մօր արգանդին մէջ, անոր մէջ չկայ ոչ մէկ մեղսակցութիւն մեղքին հետ, սատանային հետ: Աստուածային ողորմածութիւնը , իմաստութիւնը, նախասիրութեան մէկ արարքով զերծ պահեցին կոյսը որ ի յաւիտենից սահմանուած էր ըլլալու Մայրը Փրկիչին:

Արդարեւ , Աստուծոյ Որդին չէր կրնար մարդանալ որեւիցէ պայմանի մէջ: Ինք որ Սուրբն է, չէր կրնար մարդկային կերպարանք առնել նոյնիսկ կոյսի մը մէջ, նախ յղացած սկզբնական մեղքին մէջ եւ ապա մաքրուած սկզբնական արատէն : Ասոր համար, Փրկիչը՝ հաճութեամբ Հօր, կ'ընտրէ կոյս մը զոր կը նուիրէ ինքն իրեն, կը պահէ զինք զերծ սկզբնական արատէն եւ կը պատրաստէ զինք իր կոչումին կատարումին , սրբութեամբ լի պայմանի, վիճակի մէջ: Ասոր համար , հայ եկեղեցին ալ կը գովաբանէ Նազարեթի կոյսը իբր « մաքուր աղաւնի հարսն երկնից Մարիամ, տաճար եւ աթոռ Աստուծոյ Բանին » :

«Ուրախացիր , շնորհքի լի, Տէրը քեզի հետ է » ( Ղուկ. 1,28 ) : Ի՞նչպիսի լիութիւն էր , լիութիւնն Մարիամի՝ շնորհքով, որ արժանի կ'ընէ զինք իր կուսական արգանդին մէջ ընդունելու մարմնացեալ Բանն Աստուած: Այս լիութիւնն շնորհքով կու տայ մեզի տեսութիւնն կոյսին բացառիկ սրբութեան իր յղութեամբ իսկ իր մօր արգանդին մէջ: Մարիամ ունեցաւ սրբութիւնն Անարատութեան , որովհետեւ       ի յաւիտենից սահմանուած էր Աստուածամայրութեան:

Ի յաւիտենից աստուածային իմաստութեամբ սահմանուած ըլլալով Աստուածամայրութեան, Նազարէթի Կոյսը չժառանգեց նախահօր եւ նախամօր յանցանքին հետեւանքը . սկզբնական մեղքը: Եղաւ անդատապարտ չառաւիղ եւ անոր անդատապարտութեան զարդն եղաւ Անարատութիւնը: Ամէն :

Հայր Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան 








All the contents on this site are copyrighted ©.