2017-12-12 09:37:00

Կուտալուփէի Տիրամօր տօնին առթիւ Քահանայապետական սուրբ պատարագ ս. Պետրոսի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 12 դեկտեմբերին կը նշուի Լատին Ամերիկայի պաշտպան սրբուհի Կուատալուփի Տիրամօր տօնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը­ երեկոյեան 6-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր Տաճարին մէջ,  կը գլխաւորէ՝ Լատին Ամերիկայի նուիրուած Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։ Մինչ առաւօտեան, Ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ինը Կարդինալներու խորհուրդի 22-րդ հանդիպումին, որ տեղի կ՛ունենայ Վատիկանի մէջ` 11-13 դեկտեմբերին եւ որուն ընթացքին ժողովականները կը քննարկեն Եկեղեցւոյ ու Վատիկանի հայող բարեկարգումներու գործընթացը, որ սկիզբ առած է Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրուելէն անմիջապէս ետք։

 

Կուատալուփէի Տիրամայրը - հակիրճ պատմական։

1531 թուականի դեկտեմբեր ամսոյն շաբաթ օրով, վաղ առաւօտուն, Սուրբ պատարագի արարողութենէն ետք տուն վերադարձի պահուն, Մեքսիքոյի Թէբէյաք կոչուած վայրին մէջ, Մեքսիքացի Խուան Տիէկօ անունով երիտասարդ մը կ՝անսայ թռչուններու հրաշալի ճչոցներ։ Յանկարծ թռչուններու ճչոցը կը դադրի ու  ամենուրէք կը տիրէ  լռութիւն։ Հեռու գտնուող լեռան գագաթը ամբողջութեամբ կը լուսաւորուի եւ Խուան Տիէկօ կը լսէ ձայն մը որ իր անունով զինքը կը կանչեր։

Ան հետաքրքրութենէ մղուած կ՝ուղղուի լեռան գագաթը եւ հոն ականատես կ՝ըլլայ  Տիրամօր Սուրբ Կոյս Մարիամին որ զինք անհամբեր կը սպասէր։ 

Աւանդութեան համաձայն սոյն վայրին մէջ Տիրամայրը  Խուան Տիեկոյին երեւցած է  հինգ անգամներ անորմէ խնդրելով որ երթայ թեմի եպիսկոպոսին մօտ եւ անորմէ խնդրէ կառուցել  Տիրամօր նուիրուած տաճար մը։

Խուան Տիէկոն անմիջապէս  կը փութայ տեղւոյն եպիսկոպոսին՝ եւ անոր կը յայտնէ իր տեսիլքը։ Եպիսկոպոսը սակայն չի հաւատար  անոր  խօսքերուն։ Խուան Տիէկոն յուսահատած վիճակի մէջ կը վերադառնայ իր տունը եւ այդ յուսահատութեան մէջ Տիրամայրը դարձեալ կ՝երեւի անոր եւ իրմէ կը խնդրէ նշաններ տանիլ եպիսկոպոսին։

Տիրամայրը  Խուան Տիեկոյէն  կը խնդրէ, ձմրան ցուրտ եղանակին երթալ լեռան գագաթը եւ հոն քաղել փունջ մը ծաղիկ­ ու զանոնք տանիլ  եպիսկոպոսին։ Հնազանդելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հրահանգին, Խուան Տիէկօ կ՛ուղղուի ձիւներով թաղուած լերան գագաթ՝ ուր կը գտնէ եւ կը քաղէ փունջ մը ծաղիկ եւ կ՝ուղղուի դէպի  եպիսկոպոսին բնակարանը։

Հասնելով առաջնորդարան, կղերականին  պահակները  թոյլ չեն տար որ Խուան Տիէկոն ներս մտնէ ու նշմարելով   թէ վերարկուին տակ բան մը պահած է, կը ստիպեն որ ցոյց տայ ծածկուած առարկան։

Խուան Տիէկօ՝ երկիւղածութեամբ կը բանայ իր  վերարկուն՝  ցոյց տալու համար իր հետ կրած  ծաղիկները, սակայն  փոխանակ  ծաղիկներուն, վերարկուին մէջ կը յայտնաբերուի  ծաղիկներու  պատկերը որմէ  կը բխէր  անուշ բոյր մը։ Այնուհետեւ՝ պահակները Խուան Տիէկոն  կ՝առաջնորդեն եպիսկոպոսին մօտ  ու անոր կը  պատմեն պատահածը։

Եպիսկոպոսը կը հրամայէ Խուան Տիէկոյին ցոյց տալ վերարկուին մէջ գտնուող ծաղիկներուն  պատկերը։

Խուան Տիեկոն կը բանայ  վերարկուն,  այս անգամ սակայն ծաղիկները գետին կ՝իյնան ու վերարկուի վրայ կը յայտնուի Աստուածամօր իւրայատուկ ու գեղեցիկ  պատկեր մը։ Եպիսկոպոսը առ այդ կը խոնարհի եւ կ՛ընդունի Տիրամօր խնդրանքը ու կը հրամայէ Աստուածամօր նուիրուած տաճարի կառուցումը։

Աւանդութեան համաձայն Կուտալուփէի անունը տրուած է նոյնինքն Աստուածամօր կողմէ որ տեղական բարբառով կը նշանակէ «ան որ օձին գլուխը ճզմեց»։ Կուտալուփէի Տիրամայրը համարուած Լատին Ամերիկայի սպանական լեզուվ ժողովուրդներու պաշտպան սրբուհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.