2017-12-11 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Հիւանդի 26-րդ համաշխարհային օրուայ առթիւ։


Եկեղեցւոյ Մայր. «Ով կին ահա քու որդիդ… Ահա քու մայրդ։ Այն ժամանակէն, աշակերտը զինք իր քովն առաւ» (Յով. 19, 26-27)։

(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 11 դեկտեմբեր 2017-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ Հիւանդի միջազգային օրուան նուիրուած պատգամը։ Օրը կը յիշատակուի 11 փետրուար 2018-ին։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Եկեղեցւոյ սպասարկութիւնը հիւանդներուն ու անոնց որոնք հոգ կը տանին անոնց պէտք է շարունակուի վերանորոգ խանդով, հաւատարիմ մնալով Տիրոջ հրահանգին (Ղուկ 9,2-6; Մատթ 10,1-8; Մարկ 6,7-13) ու հետեւելով Վարդապետին օրինակին։

Այս տարուայ հիւանդի օրուան բնաբանը մեզի տրուած է Յիսուսի խօսքերով, երբ Ան խաչին վրայ, կը դիմէ Խաչին մօտ կանգնած իր Մօր եւ Յովհաննէս առաքեալին «Ահա քու զաւակդ…Ահա քու մայրդ»։ Այն ժամանակէն, աշակերտը զինք իր քովն առաւ» (Յով. 19, 26-27)։

«Տիրոջ այս խօսքերը կը լուսաւորեն Խաչին խորհուրդը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ Խաչը այլեւս առանց յոյսի ողբերգութիւն մը չի ներկայացներ, այլեւ վայրը ուր Յիսուս կը բացայայտէ իր Փառքը ու կը թողու իր սիրոյ վերջին պատուէրը, որ կը դառնայ քրիստոնէական հասարակութեան եւ իւրաքանչիւր աշակերտի կեանքի հիմնական կանոն։

Այդ խօսքերը կը յայտնեն Մարիամի մայրական կոչումը հանդէպ համայն մարդկութեան։ Ու այդ վայրկեանէն Մարիամ կը սկսի նուիրումի նոր ընթացք մը ու կը ստանձնէ նոր պարտականութիւն մը, կիսելով իր զաւկին մտահոգութիւնը Եկեղեցւոյ ու համայն մարդկութեան նկատմամբ։ Մինչ Յովհաննէս առաքեալը կը ներկայացնէ եկեղեցին՝ Մեսիական ժողովուրդը։ Ան պէտք է ընդունի Մարիամը որպէս Մայր ու այդ ճանաչումով ան պէտք է ընկալէ Մարիամը որպէս Մայր մը որ կը սիրէ ու կը ծնի զաւակներ, որոնք կարող են սիրել Յիսուսի պատուէրի համաձայն։ Մարիամի մայրական կոչումը կ՛անձնի համայն եկեղեցւոյ։

Յովհաննէս որ որպէս աշակերտ ամէն ինչ կիսեց Յիսուսին հետ գիտէ թէ Վարդապետը կ՛ուզէ բոլոր մարդիկը առաջնորդել Հօր հետ հանդիպումին։ Ան կարող է վկայել թէ ինչպէս Յիսուս հանդիպեցաւ բազմաթիւ մարդոց որոնք հիւանդ էին հոգեպէս ու մարմնապէս։ Բոլորին նուիրեց ողորմութիւն ու ներում եւ հիւանդներուն մարմնական բուժում։ Մարիամի նման՝ աշակերտները եւս կանչուած են հոգ տանելու մէկը միւսին գիտակցելով թէ Յիսուսին սիրտը բաց է բոլորին, առանց բացառութեան։ Բոլորին պէտք է քարոզուի Արքայութեան Աւետարանը ու բոլոր անոնց որոնք կարիքի մէջ են պէտք է հասնի քրիստոնէական սէրը, պարզապէս որովհետեւ անոնք անհատներ են եւ Աստուծոյ զաւակներ։

Եկեղեցւոյ այս Մայրական կոչումը կարիքաւոր եւ հիւանդ անձերու նկատմամբ երկհազարամեայ պատմութեան ընթացքին դարձաւ շօշափելի հիւանդներու ի նպաստ շարք մը կարեւոր ձեռնարկներու միջոցաւ որոնք այսօր եւս կը շարունակուին, նա մանաւանդ այն երկիրներուն մէջ ուր կը պակսին խնամակալութեան հանրային կեդրոնները եւ ուր Եկեղեցին կ՛աշխատի մարդոց երաշխաւորելու առողջապահական խնամակալութիւնը։

Եկեղեցւոյ պատկերը որպէս դաշտային հիւանդանոց, որ կ՛ընկալէ բոլոր անոնք որոնք վիրաւորուած են կեանքէն, շօշափելի իրականութիւն մըն է, որովհետեւ մի քանի երկիրներու մէջ միայն միսիոնարներու ու եկեղեցական թեմերու հիւանդանոցներն են որ ժողովուրդին կը մատակարարեն պէտք եղած խնամակալութիւնը եւ ասոնց շարքին ունինք անցեալի բազմաթիւ օրինակելի անձեր որոնք անձնուիրութեամբ ու վեհանձն հոգիով գործեցին ի նպաստ հիւանդներուն, կը գրէ ապա քահանայապետը պատգամին մէջ դիտել տալով թէ « այդ անցեալի ժառանգութիւնը կը նպաստէ աւելի լաւ ծրագրելու ապագան, խուսափելով մի քանի սխալներէ ըլլայ մատակարարական գետնի վրայ ըլլայ բարոյական գետնի վրայ, հիմնուելով միշտ Աւետարանական վկայութեան վրայ։

Յիսուս արդարեւ եկեղեցւոյ յանձնեց բուժող զօրութիւնը, պարգեւ մը զոր Եկեղեցին պէտք է յառաջ տանի Տիրոջ միեւնոյն քնքշութեամբ ու գթասրտութեամբ։ Առողջապահութեան հովուական խնամակալութիւնը կը մնայ միշտ հիմնական ու հարկաւոր պարտականութիւն, որ պէտք է ապրիլ վերանորոգուած սլացքով, սկսեալ ժողովրդապետական հասարակութիւններէն մինչեւ բուժման ամենագերագոյն կեդրոններ։ Առանց մոռնալու նաեւ այն խնամքը որ կը տարուի հիւանդ անձերով ընտանիքիններուն մէջ, որոնց հարկաւոր է թիկունք կանգնիլ պատշաճ քաղաքականութեամբ։  Այս ուղղութեամբ բժիշկներ ու հիւանդապահներ, քահանաներ, նուիրեալ անձինք ու կամաւորներ, ինչպէս նաեւ ընտանեկան պարագաներ ու բոլոր անոնք որոնք յանձնառու ենք հիւանդներու խնամակալութեան ուղղութեամբ կը մասնակցին եկեղեցւոյ այս առաքելութեան ունենալով բաժնեկից պատասխանատուութիւն մը որ կը հարստացնէ իւրաքանչիւրի ամենօրեայ ծառայութեան արժէքը։

Մարիամին՝ քնքշութեան Մօր, յանձնենք բոլոր հիւանդները, ըլլան մարմնաւոր ըլլայ հոգեկան, որպէսզի անոնց թիկունք կանգնի յոյսի մէջ։ Անորմէ կը հայցենք որ մեզի օգնէ, ըլլալու հիւրընկալ մեր հիւանդ եղբայրներու նկատմամբ։ Եկեղեցին գիտէ թէ կարիքը ունի յատուկ շնորհքի մը իր այս ծառայութիւնը լաւապէս կատարելու համար, առ այդ միացած՝ աղօթենք ու աղերսենք  մեր Տիրոջ Մօր, որպէսզի բարեխօս ըլլայ այս 26-րդ հիւանդի միջազգային օրուան, օգնէ հիւանդներուն իրենց տառապանքը ապրելու միացած Յիսուսին հետ ու թիկունք կանգնի անոնց որոնք խնամք կը տանին հիւանդներուն կը գրէ Նորին Սրբութիւնը հիւանդներու համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամի աւարտին զոր կ՛եզրափակէ բոլորին, հիւանդներ, առողջապահական գործիչներ ու կամաւորներ, շնորհելով իր  առաքելական օրհնութիւնը։

Տուեալ ի Վատիկան 26 նոյեմբեր 2017- Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօն։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.