2017-12-11 09:56:00

Քահանայապետական թուիթերեան @Pontifex կայքը 5 տարեկան 40 միլիոնէ աւելի հետեւորդներով


(Ռատիօ Վատիկան) 2012-ի դեկտեմբեր 12-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը՝ քահանայապետական թուիթըրեան @Pontifex կայքին վրայ  կը հրապարակեր առաջին թուիթը որ կարելի է նկատել պատմական տրուած ըլլալով որ այդ առաջին անգամն էր որ Քահանայապետ մը մուտք կը գործեր «ընկերային ցանցերու» մէջ, իր դիմաց ունենալով աւետարանումի մարտահրաւէրը։ Այդ քաջ եւ մարգարէական քայլը ապա շարունակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ որուն 9 լեզուներով թուիթըրեան կայքի հետեւորդներու թիւը գերազանցած է արդեն 40 միլիոնը։

5 տարի առաջ՝ այդ պատմական պահուն ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին մօտ կանգնած էին գերապայծառ Քլաուտիօ Մարիա Չելլի՝ ընկերային հաղորդամիջոցներուն քահանայապետական խորհուրդի երբեմնի նախագահը եւ գերապայծառ Անճելօ Պեչչու՝ Պետական Քարտուղարութեան ընդհանուր գործերու փոխանորդը, որ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, յիշելով այդ յիշարժան ու պատմական պահը յայտնեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ շատ ուրախ էր  մինչ կ՛արձակէր առաջին թուիթը, ուրախ էր որովհետեւ պիտի կարենար երկխօսութեան մէջ մտնել «ցանցի» աշխարհի ճանապարհորդներու հետ։ «Եւ այսօր կարող ենք ըսել որ այդ քայլը մեծ արձագանք ունեցաւ նկատի առնելով 40 միլիոն հետեւորդները» ըսաւ Գերապայծառ  Պեչչու  մատնանշելով Ֆրանչիսկոս Պապին մարդոց հետ  յարաբերութեան ոճին ու նշելով թէ Ան թէեւ հմուտ չէ ու հեռու է նորաձեւ հաղորդակցութեան միջոցներէն սակայն հետաքրքրութեամբ կը հետեւի անոնց այն գիտակցութեամբ թէ այդ «գործիքները» կը ծառայեն աւետարանութեան։

Գերապայծառ Պեչչու ապա վերակոչեց Քահանայապետին թելադրանքը այդ գործիքները չարաչար չ՛օգտագործելու այլ  զանոնք ընդունելու որպէս գործիք կամ միջոց ուրիշներու հետ հաղորդութեան մէջ մտնելու համար, հաղորդութիւն մը որ պէտք է նպաստէ  զարգացնելու հոգին ու  մշակոյթը ինչպէս նաեւ ուրիշներու հանդէպ մօտիկութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.