2017-12-11 09:41:00

Նեթանիահու հանդիպեցաւ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Մաքրոնի հետ


Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, թէ երբ պաղեստինցիները ըմբռնեն «Երուսաղէմի` Իսրայէլի մայրաքաղաքը ըլլալու իրականութիւնը», խաղաղութիւն պիտի հաստատուի: Նեթանիահու այս յայտարարութիւնը կատարեց երէկ, Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հանդիպումէն ետք:

Ան յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին պիտի առաջարկէ խաղաղութեան հաստատման համար բանակցութեան սեղան նստիլ` նշելով, որ ներկայիս բազմաթիւ գաղտնի հանդիպումներ տեղի կ’ունենան Իսրայէլի եւ շրջանային շարք մը երկիրներու միջեւ, որոնց հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ գոյութիւն չունին:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Իսրայէլի վարչապետին հետ քննարկեց Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթը` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումին լոյսին տակ` նշելով, որ բնակեցման վայրերու սառեցումը իսրայէլեան կողմէն խաղաղութեան ուղղութեամբ «կարեւոր նախաձեռնութիւն» պիտի ըլլայ:

Մաքրոն Նեթանիահուին ըսաւ, որ Ֆրանսա կը մերժէ Երուսաղէմի վերաբերեալ ամերիկեան որոշումը:

Ֆրանսայի նախագահը Նեթանիահուի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան միջնորդութեան փափաք մը գոյութիւն ունի, սակայն կոչ ուղղեց սպասելու եւ տեսնելու առաջարկուածը` աւելցնելով, որ պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերուն կը մնայ ընդունիլ կամ մերժել այդ առաջարկը:

Ան շեշտեց, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը պէտք է լուծել բանակցութեան ճամբով եւ «երկու պետութիւններ» սկզբունքին հիմամբ:

Իսրայէլի վարչապետը իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ լրջօրէն յառաջ կը մղեն խաղաղութեան հոլովոյթը` խոստանալով, որ ինք ի սկզբանէ պիտի չմերժէ նախաձեռնութիւններն ու նոր բանակցութիւնները:

Նեթանիահու, քննադատելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, յայտնեց, որ ինք անկէ «դասախօսութիւններ պիտի չընդունի: Էրտողան վերջերս յայտարարած էր, որ Իսրայէլ մանուկներ սպաննող պետութիւն մըն է:

«Պարոն Էրտողան յարձակում գործեց Իսրայէլի դէմ: Վարժուած չեմ բարոյականութեան վերաբերեալ դասախօսութիւններ ստանալ ղեկավարէ մը, որ իր երկրին` Թուրքիոյ մէջ քիւրտերուն գիւղերը կը ռմբակոծէ, լրագրողները կը բանտարկէ, Իրանին կ’օգնէ շրջանցելու պատժամիջոցները, կ’օժանդակէ ահաբեկիչներուն, ներառեալ Կազայի մէջ գտնուողները, եւ անմեղները կը սպաննէ», ըսաւ ան:

Երկու ղեկավարները անդրադարձան Իրանի հետ յարաբերութիւններուն: Նեթանիահու ըսաւ, որ Թեհրան կը փորձէ Իսրայէլի դէմ կռուիլ եւ զայն քանդելու համար կը փորձէ Սուրիոյ մէջ ցամաքային, օդային ու ծովային ռազմակայաններ հաստատել, «եւ ատոր նկատմամբ աչք պիտի չփակենք»:

Մաքրոն իր կարգին դատապարտեց «Իսրայէլի անվտանգութիւնը ոտնահարող բոլոր սպառնալիքները»:








All the contents on this site are copyrighted ©.