2017-12-11 08:02:00

Հոլանտայի եպիսկոպոսներու կոչը հաւատացեալներուն «Վասն խաղաղութեան՝ աղօթքի միութեամբ»։


(Ռատիօ Վատիկան) Հոլանտայի կաթողիկէ եպիսկոպոսները նամակ մը յղած են հոլանտայի բոլոր թեմերու հաւատացեալներուն որուն մէջ հրաւիրած են զանոնք 2018 տարուայ ընթացքին աղօթել սուրբ վարդարանը զայն նուիրելով խաղաղութեան դիտաւորութեան, ու այս ընել յատկապէս տարուայ ընթացքին Տիրամօր նուիրուած տօներու առթիւ, «Եպիսկոպոսներ ու հաւատացեալներ միասին» աղօթեն ու հայցեն աշխարհի համար խաղաղութիւն։

«Անցեալ 13 հոկտեմբերին եզրափակուեցան Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներուն 100 ամեակի յոբելենական տօնակատարութիւնները» կը գրեն եպիսկոպոսները իրենց նամակին մէջ ընդգծելով թէ այդ արարողութեամբ վերջ չի գտաւ Մարիամին հրաւէրը՝ որով Ան կը խնդրէ աղօթել վարդարանը խաղաղութեան դիտաւորութեամբ։ «Հրաւէր մը որ մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ մեր այսօրուայ աշխարհին համար» կը գրեն միշտ եպիսկոպոսները դիտել տալով թէ աղօթել խաղաղութեան համար կը նշականէ նաեւ դառնալ Աստուծոյ գործիքներ։

Նամակին մէջ եպիսկոպոսները կը բացայայտեն ապա թէ իրենց այս ձեռնարկը կը համապատասխանէ Ֆրանչիսկոս Պապին, 8 հոկտեմբեր 2016-ին, Հոլանտացի ուխտաւորներու պատուիրակութեան մը տուած թելադրանքին յարատեւ աղօթելու սուրբ վարդարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.