2017-12-11 08:15:00

Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակը յանձնուեցաւ Հիւլէական զէնքի ոչնչացման միջազգային արշաւին


2017 թուականի Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ 10 դեկտեմբերին տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին յանձնուած է Հիւլէական զէնքի ոչնչացման միջազգային արշաւին: Այդ մասին յայտնած է Նորվեկեան նոպելեան հիմնարկը:

Հիւլէական զէնքի ոչնչացման միջազգային արշաւի գործադիր տնօրէն Պէաթրիս Ֆին ներկայ եղած է Օսլոյի մէջ մրցանակաբաշխութեան, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ Ճափոնէն Սեցուքօ Թերլոուն, որ վերապրած է 1945 թուականի Հիրոշիմայի ռմբակոծութենէն եւ դարձած հիւլէական զէնքի ոչնչացման շարժումի գործիչ:

Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի դափնեկիրին անունը յայտնի դարձած էր այս տարուան հոկտեմբերին: Նոպելեան յանձնախումբը` յայտարարելով յաղթողին անունը, ողջունած է «հիւլէական զէնքի որեւէ կիրարկման աղէտալի հետեւանքներուն նկատմամբ ուշադրութիւն գրաւելու» եւ «համաձայնագիրներու հիման վրայ այդ զէնքի արգելքի ձեռքբերման հարցով նորարարական ջանքերուն» ուղղութեամբ Հիւլէական զէնքի ոչնչացման միջազգային արշաւի աշխատանքը:

Երէկ աւելի ուշ, Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ յանձնուեցան նաեւ բժշկութեան, բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, գրականութեան եւ տնտեսութեան` 2017 թուականի նոպելեան մրցանակները








All the contents on this site are copyrighted ©.