2017-12-10 12:09:00

Քահանայապետին կոչը ի նպաստ խաղաղութեան ու մօտիկութիւնը Հնդկաստանի ու Ալպանիայի բնակիչներուն։


 (Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 10 դեկտեմբեր 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց օրուան աւետարանական հատուածէն ներշնչուած խորհրդածութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ յիսնակացը պատշաճ ժամանակն է աւելի խոր կերպով աղօթելու ու ամրապնդելու մեր հոգեւոր կեանքը։ Ան ապա ակնարկեց մեր կեանքէն ներս պակասութիւններու թողած պարապութեան որոնց շարքին նշեց մերձաւորի նկատմամբ սիրոյ պակասը հաստատելով թէ հրաւիրուած ենք աւելի ուշադիր ըլլալու ուրիշներու պահանջներուն, ըլլայ նիւթական ըլլայ հոգեւոր գետնի վրայ, որպէսզի, յարեց Նորին Սրբութիւնը, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի նման յոյսի ճանապարհներ բանանք բազմաթիւ անձերու անապատային սրտերուն մէջ։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.