2017-12-10 13:00:00

Երուսաղէմի հայող Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Միջին Արեւելքի կացութեան զարգացումներուն, յատուկէն ալ Երուսաղէմին՝ սուրբ քաղաք աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն, հրեաներուն ու իսլամներուն համար։ Զոհեր պատճառած վերջին օրերուն տեղի ունեցած բախումներուն ի տես ցաւ արտայայտելով, Սրբազան Հայրը կը վերանորոգէ իր կոչը բոլորին՝ ի սպաս իմաստութեան ու խոհեմութեան ու ջերմեռանդ աղօթքներ կը բարձրացնէ որպէսզի Ազգերու պատասխանատուները, այս յատուկ ծանր իրավիճակի ընթացքին, յանձնառու ըլլան խուսափելու բռնութեան նոր ալիքէն, համապատասխանելով՝ խօսքերով եւ գործերով, այդ մարտիրոս երկրի բնակչութեան խաղաղութեան, արդարութեան ու ապահովութեան ձգտումին։

Տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան հեռանկարներու մտահոգութիւնը այս օրերուն կեդրոնական նիւթ է տարբեր ձեռնարկներու, որոնց շարքին շտապ գումարուած Արաբական Լիկայի եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովները։

Սուրբ Աթոռը որ կը կիսէ այդ մտահոգութիւնները, կը վերակոչէ Ֆրանչիսկոս Պապին սրտաբուխ խօսքերը, ու կը վերահաստատէ իր արդեն յայտնի դիրքը Սուրբ Քաղաքի եզակի իրողութեան մասին, ու անոր «status quo»  անխուսափելի  յարգանքի մասին, համապատասխան Միջազգային հասարակութեան որոշումներուն ու Սուրբ Երկրի Եկեղեցական նուիրապետութիւններու ու քրիստոնեայ հասարակութիւններու կրկնուող խնդրանքներուն։ 

Միեւնոյն ժամանակ Սուրբ Աթոռը կը վերանորոգէ իր համոզումը թէ՝ Իսրայէլացնելու ու Պաղեստինցիներու միջեւ  կայացած միայն բանակցային լուծում մը  կարող է յանգիլ մնայուն ու տեւող խաղաղութեան ու երաշխաւորել խաղաղ համակեցութիւնը՝ երկու Պետութիւններու միջեւ միջազգային գետնի վրայ ճանչցուած սահմաններէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.