2017-12-09 09:07:00

Պաղեստին Երուսաղէմի հարցով պիտի դիմէ միջազգային դատարան


Պաղեստինը պիտի դիմէ միջազգային դատարան` Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու հարցով: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Ռուսիոյ մէջ Պաղեստինի դեսպան Ապտել Հաֆեզ Նոֆալ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Պաղեստինը պիտի դիմէ՞ միջազգային դատարան, ան ըսած է. «Ի հարկէ»:

Պաղեստինի դեսպանին համաձայն, ան Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու հարցին առնչութեամբ հանդիպումներ ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, եւ ռուսական կողմը հաստատած է իր դիրքորոշումը, որ Արեւելեան Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաքն է, իսկ Արեւմտեան Երուսաղէմը` Իսրայէլի մայրաքաղաքը:

Նոֆալ նաեւ նշած է, որ Պաղեստինը ամերիկեան քայլին պատճառով Միացեալ Նահանգները այլեւս չի նկատեր պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման հարցով խաղաղութեան հոլովոյթի մասնակից:

Միւս կողմէ, պաղեստինցիները տարբեր քաղաքներու եւ նահանգներու մէջ «զայրոյթի ուրբաթ» յայտարարեցին` առ ի զօրակցութիւն Երուսաղէմի: Բողոքի շարժումին լոյսին տակ իսրայէլեան բանակը ամրապնդեց Այսրյորդանանի ու Երուսաղէմի մէջ եւ Կազայի հետ սահմանին վրայ իր ուժերը: Իսրայէլեան ուժերը անցարգելներ հաստատեցին եւ բռնի ուժ կիրարկեցին` արգելք հանդիսանալու համար երուսաղէմացի ցուցարարներուն դէպի Աքսայի մզկիթ յառաջխաղացքին:

Նապլոսի հարաւը գտնուող Քասրա գիւղին մէջ բազմաթիւ ցուցարարներ իսրայէլեան ուժերուն օգտագործած արցունքաբեր կազերուն պատճառով շնչառութեան դժուարութիւն ունեցան: Իսրայէլեան բանակը նաեւ Բեթղեհէմի շարք մը վայրերու մէջ ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժ կիրարկեց:

Կազայի մէջ երկու անձեր վիրաւորուեցան, երբ իսրայէլեան ուժերը կրակ բացին ցուցարարներուն վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.