2017-12-09 09:33:00

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Դեկտեմբեր 10-ին ամբողջ աշխարհը կը նշէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը, որ կը յիշատակէ 1948-ի դեկտեմբերի 10-ին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ Փարիզի մէջ վաւերացուած` ''Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը'', Փաստաթուղթ մը, որուն մէջ առաջին անգամուան համար  ամրագրուեցան մարդու և անհատի հիմնական իրաւունքները: 

Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առթիւ տեղի կ՛ունենայ նաեւ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու մրցանակի տուչութիւնը։ Մրցանակը առաջին անգամ տրուեցաւ 1968-ին` Մարդկային Իրաւունքներու հռչակագիրի ընդունման 20-րդ տարեդարձն առթիւ եւ ամէն հինգ տարին անգամ մը կը շնորհուի այն անձնաւորութիւններուն կամ կուսկազմակերպութիւններուն որոնք մարդու իրաւունքներու ի պաս ձեռքբերումներ կ՛իրականացնեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.