2017-12-09 09:23:00

Գաղթականներու ու փախստականներու Օրուան առթիւ սուրբ պատարագ Ս. Պետրոսի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 14 յունուար 2018ին, առաւօտեան 10-ին,  Գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային Օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։ Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական Ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ անցեալ օգոստոս ամսոյն ընթացքին՝  հրապարակած էր Գաղթականներու ու փախստականներու միջազգային օրուան պատգամը որուն բնաբանն է «ընկալել, պաշտպանել ու ներառել գաղթականներն ու փախստականները»։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.