2017-12-08 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ Մարեմեան Աղօթքը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ  8 դեկտեմբերին, ըստ լատինաց կը նշուի Անարատ Յղութեան տօնը։ Այս տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, իսկ յետմիջօրէին նախ այցելեց Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան «Սալսուս Փոփուլի Ռոմանի» սրբապատկերին առջեւ զետեղելով ծաղկեփունջ մը, ապա ուղղուեցաւ Հռոմի Փիացցա Տի Սպանիա հրապարակ ուր հրապարակի վրայ գտնուող Անարատ Յղութեան Տիրամօր արձանի ոտքին աղօթեց այնտեղ եւս զետեղելով աւանդական ծաղկեփունջը, հուսկ ուղղուեցաւ « Sant'Andrea delle Fratte» եկեղեցի ուր աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ Հրաշագործ Տիրամօր խորանին դիմաց։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց խորհրդածութիւն մը  որուն մէջ անդրադառնալով օրուան տօնին ըսաւ. Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր կը մեծարենք Անարատ Յղութեան գեղեցկութիւնը, ու աւետարանական հատուածը կը խօսի «աւետումի» դրուագի մասին որ մեզ կ՛օգնէ հասկնալու այս օրուայ տօնակատարութիւնը, յատկապէս հրեշտակի խօսքերու միջոցաւ որ Մարիամին կ՛ըսէ «Լի շնորհքով». Այս կը նշանակէ թէ Մարիամ լի է Աստուծոյ ներկայութեամբ ու եթէ ան ամբողջութեամբ բնակուած է Աստուծմով, մեղքին համար տեղ չկայ - ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ «իւրաքանչիւրս իր ներքինին մէջ կը տեսնէ խաւար վայրեր, որովհետեւ բոլորս ալ մեղաւորներն ենք, նոյնիսկ ամենամեծերը, բացի Մարիամէն»։

«Արդարեւ ամէն անգամ որ Մարիամը կը կոչենք լի շնորհքով կ՛ընդունինք թէ Ան զերծ է մեղքէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու մատնանշեց թէ «Մարիամ պարզ ընտանիքի զաւակ էր, Նազարէթ քաղաքէն, սակայն ան վարժ էր ունկնդրել Աստուծոյ Խօսքը ու այդ Խօսքը պահպանել իր սրտին մօտիկ, Խօսքը որ ապա դարձաւ մարմին իր արգանդին մէջ»։ Աստուծոյ հետ մնալով, Անոր հետ երկխօսութեան մէջ մտնելով, Մարիամ իր կեանքը դարձուց գեղեցիկ.  Ոչ թէ արտաքինով ու անցողական իրականութիւններով այլ սրտով, այն սրտով որ մղուած է դէպի Աստուած, այս  է որ գեղեցիկ կը դարձնէ կեանքը» հաստատեց Քահանայապետը ու հրաւիրեց ուրախութեամբ նայիլ անոր որ Լի շնորհքով է։ Անորմէ խնդրենք որ մեզի օգնէ ո՛չ ըսելու մեղքին ու գեղեցիկ կեանք մը ապրելու «Այո» ըսելով Աստուծոյ, յարեց ապա Սրբազան Պապը ու հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն հետ մասնակցութեամբ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն աւարտին ոջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները  յատուկէն ողջունելով իտալական «Azione Cattolica» շարժումի անդամները, որոնք Անարատ Յղութեան տօնին օրը կը նորոգեն իրենց խոստումը։ «Թող որ Տիրամայրը օրհնէ «Azione Cattolica»ն ու պտղաբեր դարձնէ անոր ծառայութիւնը ի նպաստ եկեղեցւոյ աւետարանիչ առաքելութեան ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ  հրաւիրելով հաւատացեալները իրեն միանալու «Փիացցա Տի Սպանիա» կատարելիք աւանդական այցելութեան որդիական մեծարանք մատուցելու համար մեր Երկնային Մօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.