2017-12-08 09:00:00

Դեկտեմբեր 9-ին տօնն է «Անարատ յղութեան Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի»:


ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, ամէն տարի, դեկտեմբեր 9-ին կը կատարենք «Տօն անարատ յղութեան Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի»:

Որքան հինաւուրց է, այնքան մերօրեայ է այս տօնը, ուստի, միշտ կ՛արժէ եւ պէտք է խօսիլ անոր պարունակին ճշմարտութեան մասին, քանի անոր հերոսուհին` Նազարէթի Կոյսը, որուն «անունն էր Մարիամ» (Ղկ. 1,27), միշտ նո՛ր է, յար գեղատեսի՛լ է, յաւերժօրէն սո՛ւրբ եւ սրբափա՛յլ է` ի հեճուկս դարերու հոլովոյթին:

Ճիշդ է, այսօր կարդացուած աւետարանը (Ղկ. 1,26-31) ամենասուրբ երրորդութեան երկրորդ անձին աւետումն է, այսինքն` Որդիին մարդեղութեան մասին տրուած ուրախ լուրն է, բայց նոյնքան ճիշդ է այն նկատումը, որ նաեւ Աստուած-Որդիին ըլլալիք Մօր` Մարիամի անարատ յղութեան խորհրդասքող բացայայտումն է աստուածաշնչական:

Մարիամի միշտ նո՛ր, յար գեղատեսի՛լ, յաւերժօրէն սո՛ւրբ եւ սրբափա՛յլ վիճակը, ներքին եւ արտաքին, շնորհք է` տրուած Աստուծմէ, որ գլխագիր Շնորհքն է:

Մարիամի միշտ նո՛ր, յար գեղատեսի՛լ, յաւերժօրէն սո՛ւրբ եւ սրբափա՛յլ վիճակը, ներքին եւ արտաքին, սէր է` տրուած Աստուծմէ, որ մեծատառ Սէրն է:

Մարիամ այն անձն է, որ շնորհքով եւ սիրով «ի յաւիտենից» օժտուեցաւ Աստուծմէ, որ կը յայտարարէ.«Կ՛ողորմիմ, որուն կ՛ողորմիմ» (Ել. 33,19): Այսինքն` այլ թարգմանութեամբ. «Շնորհք կու տամ անոր, որուն Ես կ՛ուզեմ» (Վուլկադա, Ել. 33,19):

Դարձեալ կ՛ըսէ Մարիամին` Շնորհքէն ու «շնորհքներով լեցուն» Բերկրեալին եւ Անարատ Յղացեալին. «Յաւիտենական սիրով սիրեցի քեզ» (Եր. 31,1), «որովհետեւ շնորհք գտար դուն իմ առջեւս, եւ Ես կը ճանչնամ քեզ` բոլորէն ալ աւելի» (Ել. 33,17):

Աստուծոյ սէրէն եւ շնորհքէն լիովին կը բացատրուի Մարիամ, որուն մեծութիւնը, գեղեցկութիւնն ու սրբութիւնը կը գտնուին այս սիրոյն եւ շնորհքին մէջ:

Այս ճշմարտութենէն մեկնելով` ժամանակը պիտի գայ, երբ գիտակցաբար մարդեր պիտի վերադառնան անոր, որ ամէնէն աւելի Հաճելին ու Մերձաւորն է Աստուծոյ: «Անոր, որ Մարիամ է, որովհետեւ ան է ՛՛շնորհքներով լեցուն՛՛-ը» (Շարլ Փեկի):

Այո՛, Մարիամ Մարի՛ամ է, որովհետեւ Սիրով ու Շնորհքէն ա՛ն է Ակաղձունը, որ իրապէս եւ առաքեալէն առաջ կրնար կրկնել անոր խօսքը. «Ինչ որ եմ, Աստուծոյ շնորհքովն եմ, եւ Աստուծոյ շնորհքը ամուլ չմնաց իմ մէջս» (1 Կոր. 15,10):

Ի՞նչ է այն «կոյսը, որուն անունն էր Մարիամ»…: Պատասխանը կը պարտադրէ մեզ վերադառնալու հրեշտակապետ Գաբրիէլի ողջոյնին, որուն մէջ պարփակուած են սէրը, շնորհքը, գեղեցկութիւնն ու սրբութիւնը, ինչպէս նաեւ ու չորսէն ալ առաջ` անոնց գլխատառերը` Սէրը, Շնորհքը, Գեղեցկութիւնն ու Սրբութիւնը:

Մարիամ պիտի բերկրիս, որովհետեւ դո՛ւն ես «շնորհքներով լեցուն»-ը (Ղկ. 1,28), Անարատ Յղացեալը: Մարիամ, դուն պիտի շնորհիանաս, «որովհետեւ Տիրոջ առջեւ շնորհք գտար» (Ղկ. 1,31), հանդիսանալով Աստուծոյ Առանձնաշնորհեալը: Մարիամ, պիտի Աստուածամայրանաս, որովհետեւ «Տէրը քեզի հետ է» (Ղկ. 1,28), որ Աստուծոյ Սիրելին ես եւ ուստի` Աստուծմէ Անբաժանելին:

Սէրն ու շնորհքը, որոնք տրուեցան հրեշտակներուն, նահապետներուն, մարգարէներուն, առաքեալներուն եւ սուրբերուն, ի՞նչ են այն սիրոյն ու շնորհքին քով, զորս Աստուած պարգեւեց Մարիամին: Որո՞ւ հետ Աստուած աւելի էր, քան` այն անձին, որուն հրեշտակապետը հաստատեց, թէ` «Տէրը քեզի հետ է»:

Ուշադրութի՛ւն: Աստուած միայն նախախնամութեամբ ու զօրութեամբ չէր Մարիամի մէջ, այլ նաեւ ան իբրեւ անձ ներկայ էր Կոյսին մէջ: Աստուած իր Ս. Հոգին չղրկեց լոկ եւ միայն իր սէրն ու շնորհքը չտուաւ Մարիամին, այլ նաեւ ինքզինքը` իր սեփական ու միածին Որդիին մէջ:

«Տէրը քեզի հետ է»: Եթէ յայտնեալ ճշմարտութիւնն է, ապա  նաեւ թանձրացեալ

պատմութիւնն է: Մարիամի կապակցութեամբ, այս վկայութիւնն ունի իր այն տարողութիւնը,

որ կարելի չէ գտնել ուրիշ անձի մը համար:

Ո՞վ աւելի բարձրագոյնին առանձնաշնորհնեալ է Մարիամէն, որ Անարատ Յղացեալն է: Աստուծոյ մարդեղութեան հրաշքէն ո՞վ աւելի սրբագոյնին ընտրուած է, քան Մարիամ, որ Աստուածածինը, Աստուածամայրն է:

Այս ճշմարտութեան եւ պատմութեան արդիւնքը այն է, որ սէրն ու շնորհքը, որմէ եւ որով լեցուած է Մարիամ, կ՛արտացոլան արտաքուստ ալ: Մարիամ գեղեցիկ է, գեղաշող է: Մարիամ Կոյսը, Կուսամայրն ունի այն արտաքին ու ներքին գեղեցկութիւնը, որ սրբութիւնն է:

Հոս, «Երգ երգոց»-էն փոխ առնելով` եկեղեցիին հետ կը հռչակենք Մարիամը. «Դուն գեղեցիկ ես, դուն անբիծ ես, դուն կատարեալ ես» (Ե. Ե. 4,1 եւ 5,2): Որովհետեւ Մարիամ Աստուծմէ ընտրուած է աննախընթացութեամբ եւ անկրկնելիութեամբ սիրոյն ու շնորհքին, գեղեցիկ է, սուրբ է ան:

Մարիամ գեղեցիկ է, որովհետեւ Աստուած սիրեց զայն: Մարիամ սուրբ է, որովհետեւ Աստուած ընտրեց զայն: Մարիամ անարատ է, որովհետեւ Աստուած շնորհազարդեց զայն:

Այո՛, այս գեղեցկութիւնը, որ կը կայանայ Մարիամի սրբութեան, ընտրուածութեան եւ շնորհազարդումին մէջ, կը գերազանցէ ամէն գեղեցկութիւն, զոր ոեւէ մարդ մը կրնայ ունենալ դարերու մէջ, քանի այս գեղեցկութիւնը առանց մեղքի, առանց բիծի, առանց արատի գեղն է:

Մարիամի այս արտաքին ու ներքին իրավիճակը կը կոչենք «Անարատ Յղութիւն», ինչպէս թէ՛ եկեղեցին սահմանեց 1854-ին եւ թէ՛ Լուրտի Տեսլամայրը ինքզինքն անուանեց 1858-ին:

Սէրէն ընտրուած եւ Շնորհքով օժտուած սրբագեղ Տիրամօր հետ եւ եկեղեցիին մէջ մենք ալ, որ կը կազմենք Մարիամի Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի «խորհրդական մարմինը», կանչուած ենք ըլլալու «բոլորովին պայծառ, անբիծ, առանց կնճիռի կամ նման բանի, բոլորովին սուրբ եւ անարատ» (Եփ. 5,27):

Ահա, այս մեր կանչուածութեան մէջ է «Անարատ Յղութեան Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի» տօնին մերօրեայ այժմէականութիւնը, մշտակայ մարտահրաւէրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.