2017-12-08 08:40:00

Մինսքի Խումբի համանախագահող երկիրները յայտարարութիւն հրապարակած են


Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի հանդիպումին աւարտին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերքէյ Լաւրովը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընը եւ Ֆրանսայի մնայուն ներկայացուցիչ Վերոնիք Ռոժէ-Լաքան հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած են ԵԱՀԿ մամլոյ ծառայութենէն:

Անոնք շեշտած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման միջնորդութեան հարցին մէջ ունին միասնական յանձնառութիւն, եւ որ տագնապը պէտք է լուծուի Հելսինքիի եզրափակիչ հռչակագիրի առանցքային սկզբունքներուն հիմամբ, ներառեալ ուժ եւ ատոր սպառնալիքը չկիրարկել, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութիւն ու ինքնորոշում:

«Մենք կը վերահաստատենք մեր միասնական յանձնառութիւնը այս տագնապի խաղաղ բանակցային լուծման նկատմամբ` իբրեւ շրջանի ժողովուրդներուն իրական հաշտեցման բերելու միակ ճանապարհ: Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ բարձր մակարդակի երկխօսութեան վերսկսումը Հոկտեմբեր 16-ին Ժընեւի մէջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն հովանիին տակ: Մենք մեր գոհունակութիւնը կ՛արտայայտենք աշխուժացած բանակցութիւններուն կապակցութեամբ եւ կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն կեդրոնացնելու իրենց ջանքերը քաղաքական լուծման բովանդակային հարցերուն փոխզիջումային լուծումներ գտնելու ուղղութեամբ:

Յետագայ դադարները աւելի պիտի բարդացնեն իրավիճակը եւ կրնան հարցականի տակ դնել տեւական համաձայնութեան հասնելու կողմերուն յանձնառութիւնը: Յղում կատարելով շփման գիծին վրայ լարուածութեան թուլացման յաւելեալ միջոցներ նախաձեռնելու երկու նախագահներու յանձնառութեան` կոչ կ՛ուղղենք Պաքուին եւ Երեւանին ընդունելու ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գոյութիւն ունեցող գրասենեակի ընդլայնումը:

«2016-ի Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի վեհաժողովներուն ընթացքին ընդունուած միւս որոշումները եւս պէտք է իրականացուին: Մենք կ՛աջակցինք Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ջանքերուն` ուղղուած անհետ կորսուած անձերու վերաբերեալ տեղեկութեան փոխանակման: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալ այս կարեւոր մարդասիրական քայլերը անհարկի քաղաքականացնելէ: Մեր երկիրները պատրաստ են սերտօրէն աշխատելու կողմերուն հետ` տեւական եւ խաղաղ լուծման հասնելու ուղղութեամբ: Մենք յանձնարարած ենք մեր համանախագահներուն շարունակել իրենց միջնորդական ջանքերը` յառաջ մղելու կողմերուն ներկայացուած աշխատանքային առաջարկներու փոխզիջումները, սակայն կը շեշտենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերջ դնելու առաջնային պատասխանատուութիւնը կը մնայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն վրայ»,- նշուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու յայտարարութեան մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.