2017-12-06 07:58:00

Ամանորին Երեւանի 23 հազար ընտանիք պարէնային փաթեթներ պիտի ստանան։


Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով՝ Երեւանի 23 հազար ընտանիք պիտի ստանայ պարէնային փաթեթներ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան ըսած է, որ փաթեթները պիտի տրամադրուին քաղաքապետարանի ցուցակին ընդգրկուած սուրիահայ ընտանիքներուն, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու, ազատամարտիկներու, զինծառայողներու եւ նիւթապէս անապահով խումբերու մէջ ընդգրկուած ընտանիքներուն:

«Քառասուն հազար փոքրիկ պիտի ստանայ քաղցրաւենիքի փաթեթ: «Նոր տարին Երեւանի մէջ -2018» ձեռնարկներու ծրագրի ծիրէն ներս՝ 4000 փոքրիկի ալ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի թատրոններու մէջ մասնակցելու Ամանորի տօնական ներկայացումներուն»,- ըսած է փոխ քաղաքապետը:








All the contents on this site are copyrighted ©.