2017-12-06 07:57:00

7 դետկեմբերին բացումը կը կատարուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի Մսուրին եւ Տօնածառին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի դեկտեմբերի 7ին, ժամը 16։30ին՝ Սուրբ Ծննդկան եւ Ամանորի տօներուն առթիւ, հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կը կատարուի  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած հսկայական Մսուրի  ու լուսաւորումը՝  Տօնածառին ։

Մսուրը նուէրն է Իտալիոյ Քամփանիա շրջանի Մոնթեվերճինէ տեղական Աբբայարանի։

Մսուրի իրականացուած է ԺԸ. դարու արուեստի ոճով, նափոլիթանական աւանդութեան համաձայն, եւ կը տարածուի 80 քառակուսի մետրի վրայ, եօթ մետր բարձրութեամբ եւ մօտ երկու մետր բարձրութիւն ունեցող 20 արձաններով, որոնք ներշնչուած են ողորմութեան գործերէն։

Իսկ 28 մետրանոց ու 10 մետր շրջագիծ ունեցաող եղեւինը, այս տարի նուիրուած է Լեհաստանի «Էլք» արքեպիսկոպոսական թեմին կողմէ։

Ծառի զարդարումը յանձնուեցաւ արուեստագէտներու եւ իտալական հիւանդանոցներու ուռուցկային բաժանմունքներու մէջ խնամուող մանուկներուն որոնք իրենց ծնողներուն հետ միասին մասնակցած էին խեցեգործական-բուժման ծրագրի մը։

Այս տարի անոնց պիտի ընկերանան կենդրոնական Իտալիոյ, Սփոլեթօ-Նորչա արքեպիսկոպոսական թեմի պատկանող երկրաշարժի շրջանէն եկող տարեկից մանուկներ։ Դեկտեմբերի 7ի առաւօտեան լեհական պատուիրակութեան պիտի միանայ Իտալիոյ Քամփանիայի շրջանէն ժամանած պատուիրակութիւնը, եւ միասնաբար փոքրիկ արուեստագէտներուն հետ ունկնդրութիւն պիտի ունենան Ֆրանչիսկոս Պապի մօտ, պաշտօնապէս ներկայացնելու իրենց նուէրները։

Կէսօրէն ետք, ինչպէս նշեցինք Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենան  Մսուրի բացման եւ Տօնածառի լուսաւորութեան  արարողութիւնը.  Մսուրը եւ Տօնածառը հրապարակին վրայ կը մնան մինչեւ Քրիստոսի մկրտութեան տօնը՝ կիրակի, 2018ի յունուար 7ը որուն առթիւ լատին ծէսին համաձայն կ՛եզրափակուի նաեւ «ծննդեան ծիսական շրջանը» ։








All the contents on this site are copyrighted ©.