2017-12-05 11:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապի քարոզը «Յիսուսի նմանելու համար պէտք ենք ընդունիլ նուաստացումները»


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ,  որուն ընթացքին ներկայացուց  խորհրդածութիւն մը՝ ներշնչուած Եսայի մարգարէի գիրքէն, եւ որուն մէջ նկատել տուաւ որ հեզութիւնը ՝ քրէստոնէական կեանքին  անփոխարինելի  տաղանդն է։  

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշել տուաւ, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ փոքրիկ ծիլ մըն է ուր կանգ կ՛առնէ  Տիրոջ Հոգին ՝  Հոգի իմաստութեան , խոհեմութեան, զօրութեան եւ խորհուրդի, ճանաչողութեան ու ՝ Տիրոջմէ երկիւղի  հոգին։

Այս բոլորը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Հոգիին պարգեւներն  են, փոքրիկ ծիլէն մինչեւ Հոգիին կատարեալ լիութիւն։ Այս է Աստուծոյ խոստումը եւ Աստուծոյ Արքայութիւնը ։ Այս է քրիստոնեային կեանքը հաստատեց Քահանայապետը ապա յորդորեց , որ  իւրաքանչիւր քրիստոնեայ գիտակցի  թէ ինք արմատն է այն ծիլին, որ պիտի աճի՝ Սուրբ հոգիին զօրութեամբ ու թէ ան պարտականութիւն ունի  պահպանելու այդ ծիլը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ ապա քրիստոնեայի ապրելակերպին մասին,  նկատել տալով որ պէտք է նմանի  Յիսուսի ապրելակերպին՝ որ է  հեզութեան ապրելակերպը,  ընդգծելով որ ՝ հաւատքի ու  հեզութեան  կարիքը կայ հաւատելու համար որ այդ ծիլը, այդ փոքրիկ պարգեւը պիտի հասնի  Սուրբ Հոգիին պարգեւներու լիութեան, ինչպէս նաեւ հեզութեան պահանջը կայ հաւատալու  համար  որ Հայրը,  երկրի եւ երկինքի Տէրը,  ինչպէս կ՛ըսէ այսօրուան աւետարանը,« այդ իմաստութիւնները  ծածուկ պահեց օրէնսգէտներէն, եւ զանոնք յայտնեց փոքրիկներուն» ըսաւ Նորին Սբրութիւն հաստատելով թէ  հեզութիւնը համազօր է փոքրիկ ըլլալուն ,ինչպէս ծիլը, որ փոքրիկ է եւ ամէն օր կ՝աճի, փոքրիկ՝ որ կարիքը ունի Սուրբ Հոգիին՝ յառաջ ընդանալու համար դէպի կեանքի լիութիւնը։

Ֆրանչիսկոս  Պապ ապա նշեց,   թէ հասկնալու  համար  եթէ հեզ ենք թէ ոչ, կայ նշան մը, եւ այդ միակ նշանը՝ նուաստացումները ընդունիլն է, որովհետեւ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ «չկայ  հեզութիւն  առանց նուաստացումի  եւ  խոնարհ է այն մարդը կամ կամ կինը, որ կարող է հանդուրժել նուաստացումները՝ նման  Յիսուսին որ զանոնք հանդուրժեց ։ 

Սրբազան Հայրը  քարոզը աւարտեց օրինակ բերելով բազմաթիւ սուրբերէն, որոնք ոչ միայն ընդունեցան նուաստացումները, այլ զանոնք խնդրեցին նմանելու համար Յիսուսին։

 Թող որ Տէրը  մեզի շնորհէ սոյն շնորհքը, ընդունելու նուաստացումները եւ  պահպանելու փոքրիկ ծիլը դէպի Սուրբ Հոգիին լիութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.