2017-12-05 09:38:00

Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմի առաջնորդին նամակը Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին։


(Ռատիօ Վատիկան) «Սուրբ Ծննդեան վերահաս տօնին առիթէն կ՛օգտուիմ՝ սրտագին շնորհակալութիւնս յայտնելու ձեր տածած սիրոյն ու նուիրումին Եկեղեցւոյ նկատմամբ: Վստահ եղէք, որ բոլորդ տեւապէս իմ աղօթքներուս մէջն էք։ Սոյն գրութեամբ կ'ուզէի ձեզ տեղեակ պահել Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին ձեռնարկած բարելաւումներուն մասին եւ միաժամանակ, հայցել ձեր աջակցութիւնը »։  Այսպէս կը գրէ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան՝ Միացեալ Նահանգներու Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմին առաջնորդը՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին հաւատացեալներուն ուղղած նամակին մէջ, ուր ապա շնորհակալութիւն կը յայտնէ համայնքի զաւակներուն՝ մինչեւ օրս անոնց եկեղեցւոյ բարգաւաճման ի նպաստ ցուցաբերած առատաձեռն ու վեհանձն օժանդակութիւններուն հուսկ կը թուէ ժողովրդապետութիւններէն ներս իրականացուած կարեւոր ծրագիրներու իրագործումները որոնց շարքին Նիւ Ճերսիի, Լոս Անճելեսի եւ Մոնրէալի ժողովրդապետութիւններէն ներս ծայր առած Երիտասարդական բարենպաստ եւ այլազան նախաձեռնութիւնները որոնք իրենց գագաթնակէտը պիտի գտնեն յառաջիկայ 22-24 Յունիս, 2018-ին, Լոս Անճելեսի մէջ  կայանալիք հայ կաթողիկէ չափահաս երիտասարդներու անդրանիկ համագումարով: Ծրագիրներու շարքին են նաեւ Նոր Աւետարանումի բազմազան նախաձեռնութիւններ, յատկացուած մասնաւորապէս նոր սերունդին, ու անոնց պապենական հաւատքի պահպանումի ու ամրապնդման  համար։

«Սուրբ Ծննդեան մօտալուտ տօնին առթիւ, պիտի խնդրէի ձեզմէ, որ մտածէք ձեր ամավերջի ընձեռելիք նուիրատուութիւններէն բաժին մը յատկացնել ձեր ու մեր Թեմին, որպէսզի կարենանք լաւագոյնս կատարել մեզի յանձնուած՝ ձեզի սպասաւորելու առաքելութիւնը: Ձեր լուման պիտի նպաստէ նիւթական նեղութեան մատնուող ժողովրդապետութիւններուն աշխուժացումին, քահանայութեան ձգտող անձանց պատրաստութեան եւ երիտասարդ սերունդին դաստիարակչական առաքելութեան՝ բոլորին ջամբելու Աւետարանի պատգամն ու քրիստոնէական հաւատքը, դիպուկ ծրագիրներով ու միջոցառումներով» գրած է ապա Գերապայծառ Մուրատեանը իր նամակին մէջ որուն աւարտին հաւատացեալներէն խնդրած է նաեւ յատուկ աղօթքներ «քահանաներուն, քոյրերուն եւ ինծի համար» բոլորին վստահեցնելով նաեւ իր  աղօթքները։

«Թող Տիրոջ խաղաղութիւնը ձեզի հետ ըլլայ: Թող Յիսուսի Ծննդեան տօնին մեզ պատրաստող Յիսնակացը օրհնեալ ժամանակ ըլլայ բոլորիդ» մաղթանք յայտնած է Գերապայծառ Միքայէլ Եպս. Մուրատեանը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.