(Ռատիօ Վատիկան) «Ամէնքս ալ մուրացկաններ ենք Աստուծոյ սիրոյն որ իմաստ կու տայ մեր կեանքին ու մեր գոյութեան ու մեզի կ՛առաջարկէ անվերջ կեանք մը»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երեքշաբթի 5 դեկտեմբերին հրապարակած թուիթին մէջ ուր Ան շեշտը դրաւ դարձեալ Աստուծոյ ողորմած ու անհուն այն սիրոյ վրայ որ մեզի վերապահուած է եւ որ իմաստ կու տայ մեր բոլոր էութեան։
All the contents on this site are copyrighted ©. |