2017-12-04 10:33:00

«Ամերիկեան դեսպանատան երուսաղէմ փոխադրումը կը նշանակէ խաղաղութեան հոլովոյթի աւարտը»


Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս շարք մը երկիրներու ղեկավարներու հետ իր հաղորդակցութեանց ընթացքին զգուշացուց «Երուսաղէմի վերաբերեալ ամերիկեան որեւէ որոշումի վտանգէն»:

Մինչ այդ, գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Մաժետ Ֆարաժի ղեկավարութեամբ պաղեստինեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը հասած է Ուաշինկթըն` քննարկելու համար Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու հարցը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն.«Պաղեստինեան պատուիրակութիւնը իրեն հետ կը տանի այն պատգամը, թէ դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելը կամ նոյնիսկ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալը պաղեստինեան կողմին համար պիտի ըլլայ խաղաղութեան հոլովոյթի աւարտը»:

Պաղեստինի վարչապետ Ռամի Համտալլա շաբաթ օր յայտնեց, որ «աշխարհի ժողովուրդներն ու երկիրները պէտք է գիտակցին Երուսաղէմի դէմ հաւանական ոտնձգութեան ունենալիք ծանր հետեւանքներուն»` աւելցնելով. «Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու կամ ամերիկեան դեսպանատունը այդտեղ փոխադրելու քայլը պիտի քանդէ խաղաղութեան բոլոր առիթները»:

Պաղեստինեան իշխանութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտայնա իր կարգին նշեց, որ այդպիսի քայլը շրջանը պիտի վերադարձնէ զերօ կէտին:

Աւելի ուշ Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ տակաւին որոշում չէ տուած Երուսաղէմը ճանչնալու իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք:








All the contents on this site are copyrighted ©.