2017-12-04 10:26:00

Չինաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ հետազօտողներու եւ ուսանողներու IV առցանց գիտաժողովը


2017թ. նոյեմբեր 26-ին տեղի ունեցաւ արդէն աւանդական դարձած «Չինաստանի մէջ հայ հետազօտողներու եւ ուսանողներու IV առցանց գիտաժողովը», որուն նպատակն է կապ հաստատել Չինաստան գտնուող հայ հետազօտողներու եւ ուսանողներու միջեւ, համախմբել այս կարեւոր մտաւոր պաշարը, հայկական գիտական միտքը լաւագոյնս ներկայացնել Հեռաւոր արեւելքի մէջ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Չինաստանի հայկական համայնքէն, գիտաժողովի ընթացքին Նարէ Հարոյեան (Շանհայի մանկավարժական համալսարան) խօսեցաւ տարբեր քաղաքակրթութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ ծագող խնդիրները, երբ անոնք կ’աշխատին տարբեր ազգութիւններէ բաղկացած աշխատավայրի մէջ, Արմինէ Արզումանեան (Ռենմինի համալսարան, Փեքին) ներկայացուց Չինաստանի Եւրասիոյ մէջ աճող ազդեցութեան շրջանին Հայաստանի հնարաւոր դերին շուրջ իր աշխատութիւնը, Արեւիկ Մարգարեան (Տալիանի համալսարան) բարձրացուց Տալիանի համալսարանի Հայկական կեդրոնի արդիւնաւէտութեան կարեւորութեան բարձրացման հարցը,  Դիցանոյշ Բաբայեան (ՀՀ ԳԱԱ Հ․ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկ), որ ներկայիս կը բնակի Չինաստանի մէջ ներկայացուց Հայերէնագիտութիւնը Ֆրանսայի մէջ քսաներորդ դարավերջին եւ քսանմէկերորդ դարասկիզբին: Հետազօտող Անի Մարգարեան (Նանծին քաղաքէն) ներկայացուց հայկական աւանդական տարազներուն վերաբերող սեփական հետազօտութիւնը:

Գիտաժողուը կը վարէին Չինաստանի հայկական համայնքի գործադիր մարմնի անդամներ Սարէն Աբգարեան (Շանհայի Ծիաթօնի համալսարան), Նարէ Հարոյեան (Շանհայի մանկավարժական համալսարան) եւ Չինաստանի Ուսանողական միութեան ղեկավար Արաքսեայ Ներսիսեան (Չինաստանի կեդրոնական ազգագրական համալսարան):








All the contents on this site are copyrighted ©.