2017-12-03 13:30:00

Հաշմանդամներու միջազգային օր։ Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հաշմանդամներու միջազգային օրուան առթիւ որ  հռչակուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 1992-ին, եւ որ կը նշուի 3 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց վերանորոգելու յանձնառումը հաշմանդամութենէ տառապող անձերու նկատմամբ ու այնպէս ընել որ անոնք միշտ ալ ընդունուած ըլլան իրենց ապրած հասարակութիւններուն մէջ։

«Ամէն մէկ անձ անկրկնելի ու եզակի է. վերանորոգենք մեր յանձնառումը որպէսզի հաշմանդամները միշտ հիւրընկալուած նկատուին իրենց ապրած հասարակութիւններու ներքոյ» գրեց Սրբազան Քահանայապետը Հաշմանդամներու միջազգային օրուան առիթով։

Նշենք թէ 2007-ի մարտ 30-ին Նիւ Եորքի Մակի գլխաւոր կեդրոնին մէջ աշխարհի 81 երկիրներ, մեծ հանդիսութեամբ  ստորագրեցին  հաշմանդամութենէ տառապող անձերու իրաւունքներու համաձայնագիրը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.