2017-12-03 12:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յիսնակացը մեզի տրուած ժամանակն է պատրաստուելու Յիսուսի գալստեան»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Այս գիշեր վերադարձայ Միանմար եւ Պանկլատէշ կատարած առաքելական ճամբորդութենէս։ Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որոնք ինծի ընկերացանք աղօթքով եւ կը հրաւիրեմ բոլորը միանալու Տիրոջ աղերսող գոհաբանութեանս, որ ինծի առիթ տուաւ հանդիպելու այդ ժողովուրդներուն, յատկապէս տեղացի կաթողիկէ հասարակութեան, որուն վկայութեամբ  կերտուեցայ։ Իմ մտքիս մէջ դրոշմուած է յիշատակը բազմաթիւ դիմագիծերու որոնք թէեւ ընկճուած  կեանքի բերումով, մնացին վեհանձն եւ ժպտալից։ Բոլորն ալ կը կրեմ սրտիս եւ աղօթքներուս մէջ»։ Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը զոր արտասանեց Կիրակի՝ 3 դեկտեմբերի 2017-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին մատնանշելով իր 21-րդ առաքելական ճամբորդութեան եզրափակումին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկ աղօթք խնդրեց Հոնտուրասի ժողովրդուին համար որպէսզի, ըսաւ Ան, կարողանայ խաղաղ կերպով յաղթահարել ներկայի դժուար պահերը, հուսկ ողջունեց տարբեր վայրերէ Հռոմ ժամանած ուխտաւորները մինչ Մարեմեան Աղօթքէն առաջ Ան՝ սովորութեան համաձայն, ներկայացուց խորհրդածութիւն մը, որուն սկիզբը նշեց թէ այսօր կը սկսի Յիսնակացի ուղեւորութիւնը որ պիտի եզրափակուի Սուրբ Ծնունդի օրը։ Յիսնակացը այն ժամանակն է որ մեզի տրուած է ընկալելու Տէրը՝ որ մեզի կու գայ, ու քննարկելու մեր Աստուծոյ նկատմամբ ձգտումը, յառաջ ընդանալու ու պատրաստուելու Քրիստոսի երկրորդ գալստեան։ «Ան արդարեւ ամէն Սուրբ Ծնունդին մեր մօտ կու գայ երբ կը յիշատակենք Անոր խոնարհ գալուստը աշխարհ, սակայն Ան նաեւ մեզի կու գայ ամէն անգամ որ մենք պատրաստակամ ենք զինք ընդունելու ու պիտի գայ նաեւ վերջին դատաստանին օրը՝ դատելու ողջերն ու մեռելները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով օրուան ծիսակատարութեան որ մեզ «կը հրաւիրէ ըլլալու արդուն եւ հսկելու» յարեց Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով  Յիսուսին խօսքերը «արդուն եղէք եւ հսկեցէք որովհետեւ չէք գիտեր երբ է ժամը…այնպէս ըրէք որ երբ հասնի ձեզ քունի մէջ չի գտնէ (Մարկ 13, 33-37)։

Արթուն ըլլալ եւ հսկել, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, նախապայմաններն են Տիրոջ ճանապարհներէն հեռու չի թափառելու, լքուած ու կորսուած մեր մեղքերուն ու մեր անհաւատարմութիւններուն մէջ։ Արթուն ըլլալ եւ հսկել պայմաններն են թոյլ տալու որ Աստուած մեր կեանքին ու գոյութեան մէջ ներգործէ, Անոր տալով իմաստ եւ արժէք իր լիակատար ներկայութեամբ եւ քնքշութեամբ, յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը խնդրելով Սուրբ Կոյս Մարիամէն որ մեզի  ընկերանայ մեր այս դէպի իր զաւակը առաջնորդող ուղեւորութեան ընթացքին, մեր մէջ վերազարթնելով Անոր հանդէպ սէրը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.