2017-12-02 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2 դեկտեմբերի թուիթը՝ Շնորհակալութիւն հիւրընկալութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 2 դեկտեմբեր 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց նախ Միանմար ապա Պանկլատէշ կատարած 21-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը ու Պանկլատէշի երիտասարներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ու Տաքքայի միջազգային  օդակայանին մէջ կայացած  հրաժեշտի պաշտօնական  արարողութենէն  ետք բարձրացաւ օդանաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի  Հռոմի Ֆիումիչինօ  օդակայան ուր ժամանումը նախատեսուած է 2 դեկտեմբերի 23.00ին։

Սոյն ճամբորդութեան աւարտին առիթով Նորին Սրբութիւնը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Միանմարին ու Պանկլատէշին իրեն վերապահած ընդունելութեան համար ապա բոլորին վրայ հայցեց ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւններ։

«Սիրելի Միանմարի եւ Պանկլատէշի բարեկամներ, շնորհակալ եմ ձեր հիւրընկալութեան համար։ Ձեր վրայ կը հայցեմ ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան աստուածային օրհնութիւններ»  գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը թուիթին մէջ մինչ այլ թուիթի մը մէջ նշած էր «Աստուածուստ իմաստութիւնը մեզ կ՛օգնէ սորվելու ինչպէս ընկալել եւ ընդունիլ անոնք որոնք մեզմէ տարբեր կը մտածեն ու կը գործեն»։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.