2017-12-02 09:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ աշխարհի անտարբերութեան համար ներողութիւն խնդրեց Ռոհինճաներէն։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ձեր ողբերգութիւնը շատ մեծ է»։ Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաջին բառերը զոր ուղղեց՝ Միանմարէն փախուստ տուած ու Պանկլատէշի մէջ ապաստան գտած  Ռոհինճա իսլամ ցեղախումբի  պատկան խումբ մը գաղթականներուն, Տաքքայի մէջ տեղի ունեցած խաղաղութեան միջկրօնական հաւաքի աւարտին։

Սրբազան Հայրը ապա աւելցուց «Յանուն բոլոր անոնց որոնք ձեզ կը հալածեն ու ձեզի չարիք հասցուցին, ու յատկապէս աշխարհի ցուցաբերած անտարբերութեան համար, ձեր ներողութիւնը կը հայցեմ։ «Ներողութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ «Տէրը մարդը ստեղծեց իր նմանութեամբ ու բոլորս ալ ունինք Անոր դիմագիծը, նոյնիսկ այս մեր եղբայրներն ու քոյրերը կենդանի Աստուծոյ դիմագիծն են։

«Ձեզմէ շատեր, յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը, հիւրընկալութիւն ընդունեցան Պանկլատէշի մէջ, ու կոչ ուղղեց այդ հիւրընկալութեան ուղիով շարունակել օգնութեան հասնիլ  Ռոհինճա գաղթականներուն, որպէսզի, ըսաւ Ան, ճանչցուին անոնց իրաւունքները, ապա խօսքը եզրափակեց յանձնարարելով չփակել մեր սրտերը, չնայիլ այլուր։ Աստուծոյ ներկայութիւնը այսօր կը կոչուի նաեւ Ռոհինճա, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց ամէն մին իր սրտին մէջ պատասխան տալու այդ ներկայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.